ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Փետրուար 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, «Հայրենիք-Սփիւռք կեդրոն» ՊՈԱԿ-ի եւ կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին անցած շաբթուան կատարուած ընթացիկ աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:
Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ շաբթուան` յաջողակ գործարարներու եւ զբօսաշրջութեան համակարգողներու հետ հանդիպումներու ու ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը: Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր:
Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն յանձնարարուեցաւ առաւել հետեւողականօրէն եւ պատասխանատուութեամբ իրականացնել իրենց վերապահուած գործառոյթները: Տրուեցան յանձնարարականներ, կազմուեցաւ ժամանակացոյց, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները: