Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարանի Երգչախումբը Համերգներով Հանդէս Պիտի Գայ Ռուսիոյ Դաշնութեան ՄԷջ

Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի «Էջմիածին» երգչախումբը Փետրուար 5-ին մեկնած է Ռուսիոյ Դաշնութիւն, ուր պիտի ներկայանայ համերգային ծրագիրով:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ Փետրուար 4-ի երեկոյեան «Էջմիածին» երգչախումբի սաները, ուղեկցութեամբ Մայր Աթոռի հոգեւոր-կրթական հաստատութիւններու վերատեսուչ Գերաշնորհ Տ. Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեանի, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարամի տեսուչ Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին վարդապետ Համբարձումեանի ու երգչախումբի հիմնադիր-ղեկավար Բարեշնորհ Արթուր սարկաւագ Վարդանեանի, ընդունելութեան արժանացած են Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէն:
Գարեգին Բ Հայրապետը իր գնահատանքը փոխանցած է Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչութեան ու «էջմիածին» երգչախումբի սաներուն` ուրախութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան առիթով: Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնած է, որ աննախադէպ այս ձեռնարկը ոգեւորութիւն ու մեծ խանդավառութիւն պիտի առաջացնէ ճեմարանականներուն մօտ` դրական ազդեցութիւն ունենալով ուսումնական գործընթացին վրայ:
Հայոց Հովուապետը կարեւոր համարած է երգչախումբին շրջագայութիւնը` ընդգծելով, որ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր-ազգային մշակոյթը պիտի ներկայացուի երգի միջոցով:
Փետրուար 5-ին երգչախումբը, բարձր հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի, համերգով հանդէս եկած է առաջնորդանիստ եկեղեցական համալիրին մէջ` Մոսկուայի հայ համայնքի անդամներուն ներկայացնելով հոգեւոր եւ աշխարհիկ երգերով համեմուած գեղեցիկ յայտագիր:
Յառաջիկայ օրերուն երգչախումբը ելոյթներ պիտի ունենայ Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիային եւ տարբեր հայ համայնքներու մէջ:
Երգչախումբը ռուսաստանեան շրջագայութենէն ետք՝ առաջնորդութեամբ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Գարեգին վարդապետի՝ պիտի մեկնի Պելառուսիոյ Հանրապետութիւն` Գրոդնօ, ուր պիտի մասնակցի շուրջ 45 երգչախումբերու մրցոյթ-փառատօնին: