ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Հանդիպում Ունեցած է Իրանահայ Համայնքին Հետ
Պաշտօնական այցով Թեհրան գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան Փետրւար 1-ին հանդիպումներ ունեցած է նաեւ իրանի համայնքին հետ:
Առաւօտեան ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը այցելած է «ԱԼԻՔ» օրաթերթի խմբագրութիւն եւ հաստատութիւն:
«ԱԼԻՔ» հաստատութեան «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ, հիւրերը ողջունած է «ԱԼԻՔ»-ի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, որմէ ետք թերթի խմբագրակազմին հետ հանդիպման ժամանակ Վիգէն Սարգսեան խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու, ՀՀ զինուած ուժերու մէջ իրականացուող աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ընելիքներուն վերաբերեալ, ներկայացուցած է ՀՀ ԶՈՒ-ի ձեռքբերումները, պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցումներոուն: ՀՀ ՊՆ նախարարը մանրամասնած է նաեւ «Ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթները: Այս մասին կը հաղորդէ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը։
Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորած պատւիրակութիւնը եղած է նաեւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդարան, հանդիպած թեմի առաջնորդ, Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի, Իսլամական խորհրդարանին մէջ իրանահայութեան զոյգ պատգամաւորներ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի եւ Ժորժիկ Աբրահամեանի, Թեմական խորհուրդի, Պատգամաւորական ժողովի, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ հոգեւոր դասին հետ:
Հանդիպման ընթացքին ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը արժեւորած եւ բարձր է գնահատած է Հայոց եկեղեցւոյ եւ Սփիւռքի կառոյցներու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, ինչպէս նաեւ հայ-իրանական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման ու յետագայ զարգացման գործին մէջ:
Ելոյթ ունեցած են նաեւ Սրբազան հայրը, դոկտ. Կարէն Խանլարեանն ու Ժորժիկ Աբրահամեանը: Սրբազան հայրը ներկայացուցած է թեհրանահայ համայնքը, Ժորժիկ Աբրահամեանը՝ Նոր Ջուղայի հայ համայնքը, իսկ. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանը անդրադարձած է է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատւիրակութեան այցի քաղաքական նշանակութեանն ու կարեւորութեանը՝ հայ-իրանական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Վիգէն Սարգսեան այցելած է նաեւ Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցի եւ ծաղեպսակ դրած է եկեղեցւոյ տարածքին գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանին՝ յարգելով անոնց յիշատակը:
Երեկոյեան «Արարատ» մարզաւանի «Վաչիկ Ղարաբէգեան» սրահին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ու անոր ընկերակցող պատւիրակութեան անդամները հանդիպած են թեհրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ժամանակ Վիգէն Սարգսեանը խօսած է հայ-իրանական յարաբերութիւններու, ՀՀ ԶՈՒ-ի մէջ կատարուած աշխատանքներուն, «Ազգ-բանակ» գաղափարի դրոյթներուն եւ ՀՀ անվտանգութեան գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած դերին եւ նշանակութեան մասին: Վերջաւորութեան, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ ան սպառիչ պատասխաններ տուած է ներկաներուն յուզող հարցերուն: