Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Հա՛յ Զինուոր, Փառք Հայոց Յաղթական Բանակին. Վահագն Գարագաշեան. տեսանիւթ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/Վահագն-Կարագաշյան.jpg)
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի տեսաշնորհաւորանքը` Հայոց բանակի կազմաւորման 25-ամեակին առիթով:
«Հայոց բանակի զինուորը այսօր վերայառնումն է Աւարայրի դաշտին վրայ խոյացող Հրահատ Կամսարականի, ինչպէս նաեւ` Դաւիթ Բեկի քաջարի ռազմիկներու, Սասնայ լեռներու վրայ մաքառող հայ ֆիտայիներ Գէորգ Չաուշի եւ Գալէի, Թաթուլ Կրպէյեանի եւ Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակ-հերոս Ռոբերտ Աբաջեանի»,-իր խօսքին մէջ նշած է Վահագն Գարագաշեան: