«Արուեստ Հայաստան» Հիմնարկը Նպաստներ Պիտի Տրամադրէ Արուեստի Նախագիծերու

«Արուեստ Հայաստան» հիմնարկը նիւթական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ժամանակակից արուեստի ոլորտէն ներս աշխատող արուեստագէտներու, Հայաստանի մէջ ժամանակակից արուեստի ոլորտի զարգացման նպատակով:

Արուեստի նախագիծերու իրականացման նպատակով նպաստներ հասցէագրուած պիտի ըլլան այն արուեստագէտներուն կամ արուեստի խումբերուն, որոնք ժամանակակից արուեստի ոլորտէն ներս կը գործեն տարբեր միջոցներով, ինչպէս՝ թուային եւ լրատուամիջոցներու արուեստ, լուսանկարչութիւն, լսատեսողական արուեստ, ներկայացում եւ հանրային վայրերու յատուկ արուեստներ:

Դիւմումներ կրնան կատարել արուեստի վարժարաններէ շրջանաւարտներ եւ արհեստավարժ արուեստագէտներ: Դիմումները պէտք է ամբողջացուին մինչեւ Փետրուար 22։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, դիմել info@foundationaa.com հասցէին:

«Արուեստ Հայաստան» հիմնարկը հասարակական անկախ կազմակերպութիւն մըն է, որ կը միտի նպաստել Հայաստանի մէջ ժամանակակից արուեստի զարգացման: Հիմնարկը 2016-ին հիմնուած է Դաւիթ եւ Ռաֆայէլ Նազարեաններուն կողմէ։

 

Scroll Up