Մշոյ աւերուող հայկական ժառանգութեան նուիրուած խորհրդաժողով «Կը շարունակեն ուրանալ Մշոյ պատմութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը»
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/Holy-Apostles-church-in-Mush.jpg)
Պոլսոյ Ֆէրիգիւղ թաղամասի Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցւոյ «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, նոյեմբեր 15-ին տեղի ունեցած է «Մուշի հայկական մշակոյթի հետքերը» խորագիրով խորհրդաժողով մը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) կողմէ:
Ժողովին մասնակիցները իրենց ուսումնասիրութիւններով եւ գոյութիւն ունեցող փաստերուն միջոցով լուսաբանած են Մուշի մէջ հայկական կառոյցներու աւերման պատմութիւնը:
Հանդիպումին, «Հայճար»ի անդամ Զաքարիա Միլտանօղլու, լուսարձակի նկարներով, մասնակիցներուն ներկայացուցած է տեղւոյն վրայ՝ հայկական ժառանգութեան այսօր պարզած վիճակը: Ան բացատրած է, թէ արուեստի պատմագէտներէ, ճարտարապետներէ եւ ճարտարագէտներէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը այցելած են Մուշ, մեծ թիւով հայկական եկեղեցիներու եւ վանքերու իրավիճակը ուսումնասիրած են տեղւոյն վրայ: Հաստատած են, որ վրան խաչի, հայերէն արձանագրութիւններու կամ զարդերու փորագրութեամբ անհամար քարեր քակուած են եկեղեցիներու եւ վանքերու կառոյցներէն եւ գործածուած՝ գուղի տուներու բայց նաեւ պետական շէնքերու շինարարութեան մէջ:
Շարունակելով իր զեկուցումը, Միլտանօղլու աւելցուցած է, որ Մշոյ Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները որոնք այսօր անհատի մը սեփականութիւնն են, կը գործածուին որպէս ախոռ, յարդի պահեստանոց եւ մթերանոց: Անոնք դեռ կանգուն կը մնան իրենց չորս պատերով եւ տանիքով: Իսկ մնացեալէն գրեթէ հետք իսկ չէ մնացած: Առաքելաց վանքի մնացորդացը կարծէք կը տքնի անցեալի քարաշէն խորհրդանիշը հանդիսանալու: Գոմեր գիւղի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիէն միայն մնացած է պատ մը եւ զանգական ոտքերէն մէկը: Այնքան քարուքանդ ըրած են, որ ամէն կողմ փոշի, հողակոյտ, քարակոյտ ըլլալով՝ իրենք չեն կրցած նոյնիսկ եկեղեցւոյ բուն դիրքը ճշդել: Գանձախոյզները խլուրդներու նման ամէն կողմ փոսեր, ծակեր բացած են: Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Չէնկիլլիի եւ Սուրբ Կարապետ վանքերը, աւելի ճիշդ՝ ինչ որ մնացած է անոնցմէ: Հայոց պատմութեան կարեւոր կեդրոններէն Սուրբ Կարապետ 1915էն վերջ թալանուած է, աւերուած: Ներկայիս հազիւ երկու պատեր կը վկայեն անոր անցեալի փարթամ գոյութեան մասին: Անոր անզուգական քարերը գործածուած են շրջանին մէջ քիչ մը ամէն կողմ, ներառեալ… մզկիթին շինութեան մէջ:
Անդրադառնալով Մշոյ Քալէալթը հայկական թաղի տուներուն փլուզման հարցին (որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ զոհուած են Մշոյ քաղաքապետին նոր քաղաքաշինութեան ծրագրին համար), Միլտանօղլու ըսած է թէ չեն կրցած տեսնուիլ քաղաքապետ Նէճմէտտին Տէտէի հետ, վերջինս քաղաքէն բացակայած ըլլալով:
Միլտանօղլու այս մասին խօսած է նաեւ «Թարաֆ» թերթին: Ան ըսած է, թէ Քալէալթըի մէջ որեւէ ուսումնասիրութիւն չեն կրցած ընել, որովհետեւ այդ պատմական տարածքին վրայ արդէն քար քարի վրայ չէ մնացած: “Այն տպաւորութիւնը կը ստացուի, որ մաքրագործումի գործողութիւն մը կատարուած է եւ հայկական թաղամաս մը եւս սրբուած է Պատմութենէն: 2013ին Մշոյ Քալէալթը հայկական թաղամասը Պատմութենէն ջնջուեցաւ: Շարունակեցին ուրանալ Մշոյ պատմութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը: Հայկական մշակութային եւ ազգագրական վերջին արժէքներն ալ անհետացուցին: Գրաւոր եւ բանաւոր մետիային մէջ արձագանգ գտած հակազդեցութիւնները չկրցան արգելք հանդիսանալ այս աւերումին” ըսած է ան:
«Նոր Յառաջ»