Հայդուկապետ Քեռիին Նուիրուած Ձեռնարկ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/02/keri-4_13117.jpg)
Երէկ` երեքշաբթի, 31 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` հայդուկապետ Քեռիին նուիրուած ձեռնարկը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ճորճ Կրպոյեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ պատահական չէ «Սարդարապատ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած ձեռնարկը` նուիրուած հայդուկապետ Քեռիին. անիկա հետեւողականութիւն է եւ շարունակութիւն ընդհանուր գաղափարի մը, որ պարտք կը դնէ բոլորին վերանայելու ՀՅԴ պատմութիւնը, սերտելու անոր էջերը իրենց տեղեկութիւններով, որովհետեւ այդ էջերուն մէջ պահուած են տողեր, դրուագներ, որոնք կը հաղորդեն կորով, կը լիցքաւորեն դաշնակցական տիպարի բարոյական արժէքները եւ կը դառնան մղիչ ուժ` կառչած մնալու կուսակցութեան սկզբունքներուն, գաղափարներուն եւ նպատակներուն:
Ցուցադրուեցաւ հայդուկապետ Քեռիի կեանքին ու գործունէութեան մասին պատմող տեսերիզ մը, որմէ ետք օրուան բանախօս Կարօ Յովհաննէսեան ներկայացուց Քեռին իբրեւ պահեստապետ, հրամանատար, դաշնակցական եւ տուաւ ընդհանուր գիծեր անոր բնաւորութեան, խառնուածքին եւ նկարագիրին մասին: Ան ըսաւ, թէ Քեռին խոր ընդունակութիւն ունեցած է մատակարարութեան եւ տնտեսելու մէջ. ուր որ գտնուած, ինչ պաշտօնի վրայ ալ եղած է, ժամանակ տրամադրած է զբաղելու մատակարարութեամբ: Քեռին չէ ուզած, որ կուսակցութեան պահեստներու մարզին մէջ թերութիւններ արձանագրուին եւ սննդամթերքի ու ռազմամթերքի պակաս ըլլայ: Կարօ Յովհաննէսեան դրուագներով ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս մեծ փորձառութիւն ունեցած է Քեռին պահեստապետութեան եւ տնտեսելու մէջ: Ան Սասնոյ Բ. ապստամբութեան ատեն լեռնային զանազան կեդրոններուն մէջ պատրաստած եւ տեղաւորած է ծրարներ, որոնք բարերար ու փրկարար դեր կատարած են Սասնոյ ապստամբութեան ատեն:
Բանախօսը օրինակներով ներկայացուց Քեռին իբրեւ զինուոր-հրամանատար: Ան ըսաւ, որ Քեռին հեռատես հրամանատար էր եւ չէր զբաղեր քաղաքականութեամբ: Ըստ Քեռիին, զինուորական մարդը պէտք չէ զբաղեր քաղաքականութեամբ, բայց այս չի նշանակեր, որ ան չէր հասկնար քաղաքականութենէն: Քեռին չէ հաւատացած սահմանադրական Թուրքիոյ եւ անոր կարգախօսին, ան չէ ուզած, որ վար դրուին ֆետայիներու զէնքերը: Քեռին նոյնիսկ խանդավառ չէ եղած կամաւորական գունդերով: Ան նախատեսած է, որ շատ չնչին պիտի ըլլան կամաւորական շարժումէն հայութեան ստանալիք օգուտները:
Կ. Յովհաննէսեան բազմաթիւ օրինակներով ներկայացուց Քեռիի ղեկավարի եւ հրամանատարի կարողութիւնը ու զօրավարի առաքինութիւնը: Ան հաստատեց, որ Քեռիի կեանքը աստիճանական վերելք եղած է ղեկավարութեան մակարդակի իմաստով` պարզ ֆետայիէն մինչեւ հրամանատար, եւ որքան բարձրացած է Քեռին, իր համեստութիւնը անխաթար մնացած է: Ան ըսաւ նաեւ, որ իբրեւ հրամանատար, Քեռին գործելու կատարեալ ազատութիւն տուած է իր օգնականներուն եւ իր բոլոր ճակատամարտներուն մէջ կողմնակից եղած է յարձակողական ոճի մարտավարութեան:
Քեռին իր նկարագիրով եւ յեղափոխական գործունէութեամբ բան մը աւելցուցած է տիպար դաշնակցականի նկարագիրին վրայ: Դաշնակցականի տիպարը բանով մը հարստացած է Քեռիի բարոյական անհատականութեամբ, ըսաւ բանախօսը, ապա յայտնեց, թէ Քեռին Դաշնակցութեան կարգապահ, հնազանդ եւ հաւատարիմ զինուորը եղած է: Ան չէ խառնուած կուսակցական վէճերուն եւ ներքին պայքարներուն: Քեռիի գաղափարաբանութիւնը ո՛չ ընկերվարութիւնը եղած է, ո՛չ ալ տեսական, տեսաբանական հարցերը: Անոր համար գերագոյն արժէքը ազգը եղած է:
Քեռիի բնաւորութեան եւ խառնուածքին, նկարագիրին մասին խօսելով պատգամախօսը ըսաւ, որ չէ եղած մէկը, որ ժխտական արտայայտութիւն ունեցած ըլլայ Քեռիի մասին: Քեռին զուարթախոհ եւ կատակասէր մարդ մը եղած է: Ան որեւէ ձեւով չէ մտածած բարեկեցիկ կեանք վարելու մասին: Խաղաղ օրերուն ան միշտ սպասողական վիճակի մէջ գտնուած է, իսկ կռիւներու ատեն ցուցաբերած է իր եռանդը: Որքան մեղմ ու բարեացակամ եղած է Քեռին հանդարտ օրերուն, նոյնքան խիստ եղած է բոլոր ծոյլերուն, թուլամորթներուն եւ անտարբերներուն հանդէպ, որոնք անտեսած են իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Կ. Յովհաննէսեան իր խօսքի աւարտին ըսաւ, որ Քեռիի ամբողջ կեանքը եղած է յաղթանակներու շարք մը: Քեռին յաղթանակներով սկսած է իր յեղափոխական կեանքը, յաղթանակով ալ վերջացուցած է: Ան իր ամէնէն նեղ պահերուն անպայման հնարք մը գտած է այդ պահերէն անվնաս դուրս գալու համար: Ի ծնէ ռազմիկ է Քեռին, որ միշտ վստահած է իր ուժին եւ երբեք չէ մտածած դուրսի օգնութեան մասին:
Գեղարուեստական յայտագիրին ասմունքով իր մասնակցութիւնը բերաւ Քրիստինա Սրապոնեան, իսկ երգով` Խաչիկ Գրիգորեան:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: