Տիգրանակերտ. կորուսեալ բառերու հետքերով

Թրքական «Թարաֆ» թերթը Նոյեմբեր 14ին այս խորագրով կ՚անդրադառնար Տիգրանակերտի Սուր թաղամասին մէջ արդէն երկու տարիէ ի վեր սկսած հայերէնի դասընթացքներուն:

Թերթը կը գրէ, թէ մահմետականացած Հայերուն ներկայացած է իրենց մայրենին սորվելու գեղեցիկ առիթը: Այս դասընթացքներուն՝ երկու տարուան մէջ 66 Հայեր հետեւած են: Դասընթացքները կազմակերպուած են նախաձեռնութեամբ Քուրտի-Տէր եւ Հայ համայնքի հիմնարկին գործակցութեամբ: Արդէն 67 հոգի շրջանաւարտ եղած է, անոնցմէ միայն մէկը Հայ չէ:

«ՍԻՒՆՆԻ ՀԱՅ ԵՄ»

Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան նախագահ Կաֆուր Թուրքայ, որ ինք ալ դասընթացքներուն կը հետեւի, այս մասին թերթին թղթակցին յայտնած է, թէ հոն յաճախողներուն գրեթէ բոլորը իրենց հայկական ինքնութիւնը վերջէն յայտնաբերած անձեր են: Անոնց մէջ կան տանտիկիններ, պաշտօնեաներ, բանուորներ, ուսանողներ, բժիշկներ…: Թուրքայ ինք դասերուն կը հետեւի իր երկու զաւակներուն հետ: Աւելցուցած է, թէ հայրը Հաճ (ուխտագնացութիւն) գացած սիւննի-մահմետական մըն է, եւ ինք ալ այդ մշակոյթով մեծցած է: Բայց իրենց բուն մականունը Օհանեան է: Ինք 15 տարեկան հասակին յայտնաբերած է իր հայկական ինքնութիւնը: Ինքզինք կը բնորոշէ որպէս «Սիւննի մահմետական հայ», նախքան աւելցնելը, որ հայութիւնը ցեղային որակում մըն է:

Կաֆուր Թուրքայ աւելցուցած է, որ իր զաւակներն ալ իրենց մայրենին սորվելու գաղափարով հրճուեցան, շարունակելով՝ “Ես Հայ եմ եւ չկրցայ ապրիլ լեզուս, աւանդութիւններս, ծէսերս, մշակոյթս: Ատոր կարօտով կը տառապէի: Մեծ յուզում էր, ունէի խիտ զգացումներ: Երեք սերունդ վերջ՝ ահաւասիկ սորվելու առիթը հանդիսացաւ եւ ատիկա մեծ ուրախութիւն պատճառեց ինծի”:

«ԱՅԼԵՒՍ ՀԱՅԵՐԷՆ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳԵՄ»

Ուրիշ մըն ալ, որու անունը Ֆըրաթ է եւ որ չէ ուզած յայտնել իր մականունը, թերթին թղթակիցին յայտնած է. “100 տարի վերջ ուսումը վերսկսաւ: Լեզու սորվիլ արդէն ինքնին դիւրին բան չէ, երբ յաւելեալ՝ տարբեր այբուբեն ալ պէտք է իւրացնել, ալ աւելի դժուար գործ կը դառնայ: Սկիզբը բաւական դժուարացայ: Սակայն, այլեւս հայերէն կը ստորագրեմ”:

***

ԽՄԲ.- Տիգրանակերտ… Երկու տարուան մէջ հայերէնի 67 շրջանաւարտ… Դրական բոլոր տուեալներով օժտուած հայկական քանի՞ գաղութ պիտի կարենար յաւակնիլ նման արդիւնքի: Ախտաճանաչումը հետեւեալ հարցումին մէջ թաքնուած է՝ այս պատմութեան հերոսներուն ինքնութեան նման. ի՞նչն է, որ իրենց մականունը տալու իսկ չյանդգնող «Ֆըրաթ»ները կը մղէ վազելու հայերէնի դասընթացքներու, իրենց պապերուն լեզուն սորվելու համար: Հաւանաբար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հարցումին պատասխանը փնտռել միայն մականունով հայ եղողներուն կողմերը…:

«Նոր Յառաջ» 

Scroll Up