Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Ճարտասանական Մրցումը՝ Փետրուար 4ին

Ասպարէզ- Հայ կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Փետրուար 4ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 1 տեղի պիտի ունենայ միջդպրոցական ճարտասանական մրցում մը՝ Փասատինայի «Ամերիքըն Լիճըն» պատմական շէնքի գլխաւոր սրահին մէջ (131 N. Marengo Avenue, Pasadena, CA 91101)։

Մրցանքին պիտի մասնակցին հետեւեալ հինգ հայկական երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ.

– ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան

– Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան

– Մեսրոպեան Ազգային վարժարան

– Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարան

– ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան։

Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկու աշակերտ պիտի մասնակցի մրցումին. անոնցմէ մէկը իր ճառը պիտի արտասանէ հայերէնով, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով։

Հայերէնով ճարտասանութեան մրցանքի դատական կազմին մաս պիտի կազմեն դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, Օշին Քէշիշեան եւ Զարեհ Սինանեան, իսկ անգլերէնով մրցանքին՝ Վիվիան Էքչեան, Արտի Քասախեան եւ Սոնա Մովսէսեան։

Սոյն ձեռնարկին նպատակն է հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն, եւ անոնց միջոցաւ՝ հայ համայնքի կեանքին մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ։

Մրցանքին կամ Հայ կրթական հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 242-4154 թիւին եւ aef@aefweb.org հասցէին, կամ այցելել aefweb.org կայքը։

Scroll Up