Տիգրան Մանսուրեանը Դարձաւ 78 Տարեկան

Յունուար 27-ին մեր ժամանակներու մեծագոյն երգահան, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ, պետական մրցանակներու դափնեկիր Տիգրան Մանսուրեան դարձաւ 78 տարեկան: Մեր կողքին ապրող կենդանի լեկենտ, առանց որուն, ինչպէս Մաթեւոսեանը ըսած է, մեր սերունդը համր ուխտաւոր պիտի ըլլար:
Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները կը սերին կոմիտասեան զուլար մեղեդիներէն, հայկական ժողովրդական երգարուեստէն ու հնագոյն տաղերէն:
Տիգրան Մանսուրեան իր երաժշտութեան օգնութեամբ պեղեց հասարակ մարդու հարուստ ներաշխարհը, հոգին, այն դարձուց լուսաւոր, պարզ ու բարձրաճաշակ` «մանսուրեանական» երգ ու մեղեդի, որոնք այսօր կը հնչեն աշխարհի տարբեր բեմերէ: Անոր երաժշտութեան անզուգական մեղեդիները հոգիներ կը փոթորկեն եւ «կը կոտրեն» ազգութիւն եւ դաւանանք ընդգծող սահմաններ:
«Ես շնորհակալ եմ Աստծուց ամէն օրուայ համար` եւբ այն ուրախութիւնների, որոնք ինձ համար պատրաստել է, եւբ մեծ տառապանքների: Բոլորի համար եմ շնորհակալ», – առիթով մը ըսած է Տիգրան Մանսուրեան:
Իսկ մենք շնորհակալ ենք Աստուծոյ այն օրերուն համար, որոնք կ’ապրինք Տիգրան Մանսուրեան մարդուն եւ երգահանին հետ միասին, քայլ առ քայլ: Միաժամանակ հպարտ ենք, որ մանսուրեանական մեղեդիներու ամենառաջին ունկնդիրն ենք:
Ծննդեան օրուան առիթով ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարութեան ողջ անձնակազմը կը շնորհաւորեն Տիգրան Մանսուրեանը եւ կը մաղթեն քաջ առողջութիւն, ստեղծագործական նորանոր վերելքներ եւ իր երաժշտութեան մեղեդիներէն ճառագող լոյսով ու մաքրութեամբ լի երկար օրեր: Ցանկալով, որ մարդկային անկեղծ տեսակով, հոգիի անհուն բարութեամբ ու անկեղծ ժպիտով մեր կողքին ըլլայ դեռ երկար տարիներ: