Հայկական Սփիւռքի Ներուժը Մեր Խաղաքարտն է. ՀՀ Վարչապետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/spyurqahay_lragrokhner4.thumb_.jpg)
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան խօսած է երկրի կեանքին մէջ հայկական սփիւռքի մասնակցութեան մասին: Ըստ Armenpress.am-ի՝ միջպետական «Միր 24» հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, ՀՀ վարչապետը, պատասխանելով «ի՞նչ մասնակցութիւն ունի հայկական սփիւռքը Հայաստանի կեանքին մէջ» հարցին՝ ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը օրինապաշտ եւ հայրենասէր մարդիկ են:
«Միեւնոյն ժամանակ, անոնք մեծ պատասխանատւութիւն եւ հետաքրքրութեան զգացում կը դրսեւորեն իրենց պատմական հայրենիքին մէջ կատարուող իրադարձութիւններուն նկատմամբ: Մենք պէտք է հասկնանք, որ հայկական սփիւռքը եւ Հայաստանի քաղաքացիները մէկ միասնութիւն են: Ատիկա մէկ ազգ է` անկախ անկէ, թէ այս պահուն ուր կ՝ապրին անոնք»,- ըսած է Կարապետեան:
Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի համար ամենակարեւորը մարդկային ներուժն է: «Մենք իրականութեան մէջ կը կարծենք, որ ատիկա ամենահզօր ներուժն է: Մեր Սփիւռքի ներուժն ալ, այս առումով, մեր խաղաքարտն է: Հայկական Սփիւռքը կրնայ մասնակցութիւն ունենալ ամէն ինչի մէջ»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:
Ան նշած է, որ երբ սուրիական հակամարտութեան հետեւանքով բազմաթիւ սուրիահայեր տեղափոխուած են Հայաստան, երկրին մէջ էական փոփոխութեան ենթարկուած է ծառայութիւններու ոլորտը եւ գործարար միջավայրը:
«Անոնք իրենց հետ բերած են կառավարման, շփման սեփական մշակոյթը, իրենց ուղեղն ու գիտելիքը»,- եզրափակած է ՀՀ վարչապետը։