Նոր Նախաձեռնութիւն` Նուիրուած Հայ Զինուորներուն

Պերճիգայի Անթուերպըն քաղաքի «Նուարդ» մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի մէջ գործող «Վիվարտ» հասարակական կազմակերպութիւնը նախաձեռնած են «Նամականի» խորագիրով հաւաքական ժողովածու հրատարակել, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու ենթաբաժինէ` «Նամակ զինուորին» եւ «Զինուորի նամակը»:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն «Նուարդ» մշակութային միութենէն` գիրքին նպատակն է ոգեւորել սահմանապահ զինուորը եւ անոր կողքին ըլլայ, թէկուզ հեռուէն` խօսքի միջոցով: Նախագիծը տարիքային, ծաւալի եւ ձեւաչափի առումով սահմանափակումներ չունի:

Մասնակիցները կրնան հասցէագրուած նամակներ գրել` ոեւէ զինուորի անունով, կամ պարզապէս հայ զինուորին: Գիրքին մէջ պիտի զետեղուին նաեւ մերօրեայ հերոսներու յուշերը եւ ոչ միայն:

Բոլոր ցանկացողները կրնան տարաբնոյթ աջակցութիւն ցուցաբերել բանակ-հասարակութիւն կապի ամրապնդման ուղղուած ազգանպաստ նախաձեռնութեան իրականացման:

Համապատասխան տպաքանակ ապահովելու պարագային` հրատարակելէ յետոյ գիրքը զօրամասերու մէջ պիտի բաժնուի, որմէ յետոյ պիտի ներկայացուի նաեւ Հայաստանէն դուրս բնակող հայերուն` այդ միջոցով անոնց ներգրաւելով նմանօրինակ ծրագիրներու մէջ:

Այն մարդիկ, որոնք ցանկութիւն կ’ունենան մասնակցելու նախաձեռնութեան, կրնան կապ հաստատել syuzikarapetyan87@mail.ru ելեկտրոնային հասցէով:

 

Scroll Up