Հանդիպում Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր Արմէն Սարգսեանի Հետ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/0124ferahian1.jpg)
Ասպարէզ-Հինգշաբթի, 19 Յունուար 2017ի առաւօտեան, Ազգային Ֆերահեան վարժարան այցելեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Սարգսեան: Ան, Ամերիկա հրաւիրուած էր ՀՅԴ 126ամեակի տօնակատարութեան օրուան իբրեւ գլախաւոր բանախօս, եւ օգտուելով իր կեցութեան առիթէն, ան այցելեց վարժարանը՝ ծանօթանալու համար աշակերտներուն հետ:
Ներկայ էին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Գօգօ Թօփալեան, ինչպէս նաեւ ազգային դպրոցներու Խնամակալ մարմինի, վարժարանի Ուսումնական մարմինի, շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ խանդավառ աշակերտներ։
Բացման խօսքը կատարեց 12րդ դասարանէն Նարեկ Գույումճեան: Ան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի փառաւոր յաղթանակներուն վրայ, եւ աւելցուց՝ ըսելով, որ այդ փառաւոր յաղթանակներուն եկաւ միանալու հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքի եւ միասնական ուժի յաղթանակի խորհրդանիշ՝ Արցախեան շարժման պոռթկումը, որ նոր էջ մը բացաւ հայ ազատագրական պայքարի մեր պատմութեան մէջ:
Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուց 12րդ կարգէն Տանիէլա Սեմերճեան՝ յաջորդաբար բեմ հրաւիրելով նախ միջնակարգ դասարանի աշակերտները, որոնք երգեցին «Սարդարապատ» յաղթերքը՝ ղեկավարութեանբ տէր եւ տիկին Արտաշէս եւ Ժաննա Սինանեաններու, 10րդ կարգի աշակերտները արտասանեցին Սարմէնէն «Պանդուխտ Հայ Մայրերին» քերթուածը: Ապա 12րդ կարգէն խումբ մը աշակերտներ երգեցին «Ախպերս Ու Ես»ը, իսկ 10րդ եւ 12րդ կարգի աղջիկները ներկայացուցին հայկական գեղեցիկ պար մը:
Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, Նարեկ Գույումճեան հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան հիւրին կենսագրութիւնը, ապա բեմ հրաւիրեց զայն, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ:
«Այսօր ես շատ ուրախ եւ հպարտ եմ, որ այս առիթը տրուեցաւ ինծի՝ այցելելու ձեր վարժարանը եւ ծանօթանալու ձեր հետ», ըսաւ Արմէն Սարգսեան, եւ շարունակելով իր խօսքը՝ ան պատմեց Արցախի ներկայ իրավիճակին, ատրպէյճանցիներուն կողմէ կատարուած զինադադարի խախտումներուն մասին, եւ թէ ինչպէս մէկ ընտանիքէն յաջորդական սերունդներ կողք-կողքի կը պաշտպանեն Արցախի սահմանները: Ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն՝ ան ըսաւ. «Արցախի ժողովուրդը ամուռ կառչած է իր մայր հողին»։ Ան խնդրեց աշակերտներէն, որ այլեւս չըսեն, թէ իրենք հայրենիքին օգնութիւն կ՛ուղղարկեն, քանի որ «օգնութիւն կ՛ուղարկեն օտար երկիրներուն»։ Ան վստահեցուց, որ հայրենիքը մեր բոլորինն է, եւ եթէ այսօր Սփիւռք ենք, ապա ապագային պէտք է մտածել ետ հայրենիք վերադառնալու մասին:
Աշակերտներուն կողմէ եղան բաւական հետաքրքրական հարցումներ, որոնց բոլորին ալ համբերութեամբ պատասխանեց օրուան հիւրը:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնուհի Սօսի Շանլեան: Ան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ վարժարանին կողմէ փոքր յուշանուէր մը փոխանցեց օրուան հիւրին:
Յայտագիրը վերջ գտաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի «Հայր Մեր» աղօթքով:
ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ