ՀՕՄը Կը Նախապատրաստուի Իր «Կալա 2017» Ձեռնարկին

Ասպարէզ-Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը ոգեւորութեամբ կը նախապատրաստուի տարեկան իր մեծագոյն «Կալա 2017» ձեռնարկին,  որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, 3 Փետրուարին, «Տաղլեան» մշակութային համալիրին մէջ, 1201 Vine St., Los Angeles, California:

«ՀՕՄի Կալա ձեռնարկով պիտի տօնախմբենք մեր լայնածաւալ կազմակերպական  նուաճումները եւ պիտի նպաստենք կենսական հիմնադրամներ ապահովելուն մեր տեղական եւ համաշխարահային մարդասիրական ծրագիրներուն, որոնք  կարօտեալ անհատներուն եւ համայնքներուն բարենպաստ կեանք պիտի ապահովեն», ձեռնարկին առիթով բացատրեց ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեպեքա Պէրպէրեան:

Ձեռնարկի ընկերային ժամը նախատեսուած է նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 6ին, որուն ժամը 7ին պիտի յաջորդեն ընթրիքն ու նախատեսուած ծրագիրը: Ձեռնարկի հանդիսավարն է Լոս Անճելըս գաւառի Կանանց յանձնաժողովի նախագահ Ալիս Պետրոսեան: Երեկոն պիտի խանդավառէ «Ալըն Ճ.ի» նուագախումբը:

Ձեռնարկի մուտքի նուիրատուութիւնը մէկ անձի համար 150 տոլար է. տոմսեր կարելի է ապահովել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն՝ հեռաձայնելով (818) 500-1343 թիւին կամ գրելով office@arwestusa.org ենամակի հասցէին:

Scroll Up