Ազգային Արհեստից Քոլեճի Տարբեր Տարիներու Շրջանաւարտներու Լուսանկարչական Ցուցահանդէս

Ազդակ- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Լիբանանի մամլոյ լուսանկարիչներու համադաշնակցութեան, երէկ` երկուշաբթի, 23 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարչական ցուցահանդէս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային արհեստից քոլեճի տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց  քոլեճի վարիչ պատասխանատու Մակի Խաչերեան, որ անդրադարձաւ Ազգային արհեստից քոլեճի նպատակներուն` առիթ տալ հայ ծնողներուն եւ շրջապատին բարելաւելու իրենց նիւթական եւ մտաւորական վիճակը, ապրելակերպը, կենցաղն ու մտածելակերպը, այսպիսով նպաստել հայ տան մթնոլորտի բարեփոխումին: Ան աւելցուց, որ այս դասընթացքներուն ճամբով տարբեր տարիքի հայ եւ օտար անհատներ, պայմաններու բերումով ուսանելու կարելիութիւն չունեցող երիտասարդներ նոր գիտելիքներով եւ արհեստով կը զինուին, տարբեր հմտութիւններ ձեռք կը ձգեն` աւելի լաւ ապագայի պայքարը աւելի խիզախօրէն տանելու:

Շեշտը դնելով լուսանկարչական արուեստին վրայ` Մ. Խաչերեան ըսաւ, որ քոլեճի շրջանաւարտներէն ոմանք իրենց տրուած հմտութիւնը վերածած են հիմնական կամ երկրորդական աշխատանքի` Լիբանանի մէջ թէ անկէ դուրս: Այս առիթով ան յիշեց Արազ Պչաքճեանը, որ առաջնութիւն շահած է ցուցահանդէսի մը:

Իր խօսքը եզրափակելով` ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, Լիբանանի Մամլոյ լուսանկարիչներու համադաշնակցութեան եւ անոր նախագահին, լուսանկարչութեան դասընթացքներու պատասխանատու Րաֆֆի Պէրպէրեանին, որուն անխոնջ աշխատանքին, անսակարկ նուիրումին ու քաջալերանքին արգասիքն է կայացած ցուցահանդէսը:

Լիբանանի մամլոյ լուսանկարիչներու համադաշնակցութեան նախագահ Ազիզ Թահեր այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ լուսանկարին կարեւորութեան վրայ, յատկապէս այս դարուն, երբ նկարը դարձաւ մեր իրականութեան հիմնական մաս եւ համալսարաններուն ու հիմնարկներուն մէջ ուսուցանուող գլխաւոր նիւթերէն մէկը:

Անդրադառնալով ցուցահանդէսին` ան ըսաւ, թէ անիկա աշակերտներուն աշխատանքին եւ ուսուցման արդիւնքն է, ուր իւրաքանչիւրը ճամբորդութիւն մը կատարած է լոյսի ու գեղեցկութեան ուղիով, անոնք իրենց պրիսմակին ճամբով անշարժացուցած ու անմահացուցած են իւրայատուկ պաստառներ, որոնք կը գրաւեն աչքն ու միտքը: Ազիզ Թահեր նաեւ դրուատեց ուսուցիչներուն ու պատասխանատուներուն ճիգն ու ներդրումը` արուեստից ու արհեստից քոլեճին երթին շարունակութիւնը երաշխաւորելնուն եւ նման ողջունելի ցուցահանդէսներ կազմակերպելնուն համար:

Իր խօսքի աւարտին Ազիզ Թահեր հաստատեց, որ համադաշնակցութիւնը իր կարելիութիւնները կը դնէ ուսանողներուն տրամադրութեան տակ, որպէսզի այս մարզին մէջ նոր քայլեր առնողները շարունակեն իրենց ջանքերը  լիբանանեան լուսանկարչութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնելու առաջադրանքով:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ շեշտը դրաւ լուսանկարչական արուեստի կարեւորութեան եւ իւրայատկութեան վրայ` յայտնելով, որ լուսանկարչութիւնը կը պահանջէ տաղանդ եւ կարողութիւն տուեալ պահը, վայրը, անձը անմահացնելու: Ան մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն այդ կարողութիւնը` շեշտելով, որ իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տեսնել խորք, ինչ որ կարեւոր է, որովհետեւ դիտողը եւս կը մղէ խորանալու իւրաքանչիւր նկարի մէջ, թափանցելու անոր իմաստին եւ գեղեցկութեան մէջ:

Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը շեշտը դրաւ Ազգային արհեստից քոլեճի կարեւորութեան վրայ` ըսելով, որ անիկա նոր առիթներու դռներ կը բանայ բոլորին դիմաց:

Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արապեան Յարութ (2009-2010), Չէրքէզեան Հուրի, Արզումանեան Նուշիկ, Օթճեան Մարտիկ, Օտապաշեան Գարոլին (2011-2012), Աբգարեան Աշոտ, Պչաքճեան Արազ, Կէօքէօզեան Վարդան (2013-2014), Գէորգեան Նայիրի, Գէորգեան Թալին, Նոխուտեան Գէորգ, Մանուկեան Կարապետ, Մանուկեան Փոլին, Գրիգորեան Գրիգոր, Նազիկեան Պօղոս (2015-2016), Ալէմէզեան Դալար, Պալեան Արշօ եւ Յակոբեան Ժաք (2014-2015):

Յատկանշական էր, որ լուսանկարներուն մէջ տիրական ներկայութիւն էին բնութիւնը, դէմքեր եւ յատկապէս Հայաստանը:

«Ազդակ» այս առիթով կը շնորհաւորէ «Ազդակ»-ի ընտանիքի անդամներէն Ժաք Յակոբեանն ու Արշօ Պալեանը` մաղթելով, որ բոլորը կարենան պահել իրենց լուսանկարչական այս տաղանդը եւ հմտանալ անոր մէջ:

Scroll Up