Քեն Նահիկեան Թրամփի Փոխանցման Խմբակի Պետ Կը Նշանակուի

Ասպարէզ- Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս Յունուար 18ին Տանըլտ Թրամփի նախագահական փոխանցման խմբակի պետ նշանակած է հանրային յարաբերութեանց մարզի մասնագէտ Քեն Նահիկեանը, որ պիտի ամբողջացնէ Ռիք Տիրպոռնի սկսած աշխատանքը։

Տիրպոռն փոխանցման խմբակի պետի պաշտօնէն հեռացած էր, որովհետեւ ստանձնած էր Սպիտակ տան անձնակազմի պետի տեղակալի պաշտօնը։

Քեն Նահիկեան անցեալ ամառ միացած էր Թրամփի ընտրապայքարին եւ ընտրական յաղթանակէն ետք մաս կազմած էր երկրին յաջորդ կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքին։

Scroll Up