Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքի Փոխանորդը

Երկուշաբթի, 23 յունուար 2017-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետին այցելեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Սայեահ արքեպիսկոպոսը: Պատրիարքին անունով Փոլ Սայեահ արքեպիսկոպոսը իր բարեմաղթութիւնները ներկայացուց վեհափառ հայրապետին Ս. Ծննդեան առիթով` նկատի ունենալով, որ վեհափառ հայրապետը այս տարի Ս. Ծննդեան տօնը նշած էր Հալէպի մէջ: Ան ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Սուրիա, ի մասնաւորի Հալէպ` շեշտելով, որ նման այցելութիւններ յոյս ու հաւատք կը ներշնչեն ո՛չ միայն հայ համայնքին, այլեւ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն:

Պատրիարքական փոխանորդը վեհափառ հայրապետին հետ խորհրդակցեցաւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք հոգեւոր պետերու երկու տարբեր հանդիպումներուն մասին: Այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ տեսակէտներու փոխանակում կատարելու Լիբանանի այժմու կացութեան շուրջ: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ երկրին մէջ ապահովութիւնը աւելի ամրապնդուած է, իսկ տնտեսական կեանքի զարգացման ծիրին մէջ` նոր կարելիութիւններ ստեղծուած:

Scroll Up