Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարանը Կը Մնայ Արցախի Կողքին

Ասպարէզ- Հինգշաբթի, 19 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անդամ, ՀՅԴ պատգամաւորական խումբի ղեկավար Արմէն Սարգսեան, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանի ընկերակցութեամբ՝ այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանը, ուր ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի կողմէ:

Արցախի Շուշի քաղաքին հետ քոյր քաղաք հանդիսացող Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանի միակ հայազգի ղեկավարը Սարգսեանի եւ Տէր Խաչատուրեանի հետ զրոյցին ընթացքին ներկայացուց իր անձնական զգացումներն ու յուզումները երկու անգամ (2013ին եւ 2016ին) Արցախ կատարած այցելութեանց ընթացքին, մանաւանդ վերջինը՝ երբ տեղի ունեցած էր ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն անմիջապէս ետք:

Արցախի անկախութիւնը ճանչցած Լոս Անճելըսի վերին ղեկավարութիւնը, Գրիգորեանի վկայութեամբ, ջատակով հանդիսացաւ Քալիֆորնիոյ նահանգին կողմէ Արցախի հանրապետութեան ճանաչման աշխատանքին:

Արցախի հետ համագործակցութիւնը սերտացնելու ուղղութեամբ, Գրիգորեան փոխանցեց նոր առաջարկներ:

Շահեկան զրոյցէն ետք, Գրիգորեան հիւրերուն ծանօթացուց քաղաքապետարանի տարբեր բաժինները:

Scroll Up