Մարգրիտ Եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին Կը Կտակեն Մէկ Միլիոն Երկու Հարիւր Իննսունինը Հազար Եւ Քառասուն Ամերիկեան Տոլար
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ Միացեալ Նահանգներէն 2011-ին հանգուցեալ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան» Ճեմարանին կտակած են մէկ միլիոն երկու հարիւր իննսունինը հազար եւ քառասուն ամերիկեան տոլար:
Կեդրոնական վարչութեան որոշումով, այս գումարէն մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար տոլար պիտի բարդուի նախապէս արդէն հաստատուած «Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ապահովութեան հիմնադրամ»-ին (Endowment Fund) վրայ: Այս հիմնադրամը կը միտի նպաստել Ճեմարանը ապագային նիւթապէս ապահով եւ ինքնաբաւ դարձնելու նպատակի իրականացման:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը շնորհակալական խօսք կ՛ուղղէ բոլոր անոնց, որոնք այս կտակի յղացման եւ գործադրութեան ընթացքին` իրաւաբանական եւ գործնական ճիգ չխնայեցին, որպէսզի կտակը հասնի կտակառուին:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը երախտապարտ կը մնայ Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեան քոյր-եղբօր: Անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը կը հանդիսանայ իրենց ապրած կեանքերուն լրումը, իսկ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան ֊ ներկայիս Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան»-ի հանդէպ կտակով արտայայտուած իրենց հաւատքը իբրեւ ուղեցոյց պիտի ծառայէ այլոց, որ քալեն Մարգրիտ եւ Գուրգէն Ասատուրեաններու օրինակելի ճամբէն:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ
ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 22 յունուար 2017