Էօզտեմիր ստացած է Հայ դատի «Ազատութեան մրցանակը»

Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակը Պերլինի մէջ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Պունտեսթակի թուրք երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիրին յանձնած է Հայ դատի ԱՄՆ-ու Արեւմտեան ափի յանձնախումբի շնորհած «Ազատութեան մրցանակ»-ը:

Մրցանակը Էօզտեմիրին շնորհուած է Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հարցով իր գործադրած ջանքերուն համար: Մրցանակը Էօզտեմիրին յանձնած է Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

“Պատիւ ունիմ։ Հայերու տառապանքները մոռցուած չեն”,- նշած է ծագումով թուրք գերման երեսփոխանը:

Մրցանակին նախապէս արժանացած են իրաւաբան, գրող, մարդկային իրաւանց գործիչ Ֆեթհիյէ Չեթին, ծանօթ իրաւաբան Ռապըրթ Մորկընթաու, Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու նախկին դեսպան Ճոն Էվընս, Փուլիցերեան մրցանակի արժանացած գրող եւ ՄԱԿ-ի մէջ ԱՄՆ-ու ներկայի դեսպան Սամանթա Փաուըր, ինչպէս նաեւ ԼՂՀ-ի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ուրիշներ։

Scroll Up