ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդակցութիւն

Յունուար 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին նախարարի տեղակալներ Սերժ Սրապիոնեան եւ Վահագն Մելիքեան, կառուցուածքային ստորաբաժանումներու եւ «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի ղեկավարները:

Կառուցուածքային ստորաբաժանումներու ղեկավարները ներկայացուցին շաբթուան ընթացքին կատարուած աշխատանքները եւ իրականացուած ձեռնարկները, նշեցին յառաջիկայ ընելիքները, հանդէս եկան նոր առաջարկներով:

Նախարարը կարեւոր համարեց յառաջիկայ շաբթուան` Հայոց բանակի 25 ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու պատշաճ կազմակերպումն ու լայն լուսաբանումը: Քննարկուեցան աշխատանքային այլ հարցեր: Տրուեցան յանձնարարականներ, նշանակուեցան պատասխանատուներն ու համակարգողները:

 

Scroll Up