Ապրիլեան Պատերազմին Ժամանակ Զոհուած 12-Ամեայ Վաղարշակի Յիշատակին Յուշակոթող Մը Կանգնեցուած Է

Այսօր ԼՂՀ Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտարի միջնակարգ դպրոցի բակին մէջ տեղի ունեցած է ապրիլեան պատերազմին ժամանակ զոհուած 12-ամեայ Վաղարշակ Գրիգորեանի յիշատակը յաւերժացնող խաչքար-յուշակոթողի ու ցայտաղբիւրի բացման արարողութիւնը:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին Ներքին Ճարտարի միջնակարգ դպրոցի ուսուցչուհի, Վաղարշակ Գրիգորեանի դասղեկ Վարդուհի Աղաբեկեան նշած է, որ այսօր` իր աշակերտի ծննդեան օրը, հարազատ դպրոցի բակին մէջ հաւաքուած են անոր սիրելի ուուցիչները, դասընկերները, հարազատները:
«Վաղարշակն ուսումնառութեան վեց տարիներն ալ աւարտած է գերազանց գնահատականներով: Ան շատ խելացի, ընկերասէր, ազնիւ, պարտաճանաչ երեխայ էր: Կը մասնակցէր տարբեր մրցոյթներու: Աշակերտս բան մը Ընելէ կամ ըսելէ առաջ լաւ կը կշռադատէր, որ չի սխալեր, չափսոսար յետոյ»,-բնութագրած է Վաղարշակի դասղեկը:
Խաչքար-յուշակոթողի հեղինակը Վարազդատ Համբարձումեանն է, իսկ հովանաւորը` արմատներով ճարտարցի Կարօ Ասրումեանը, որ կ’ապրի Ռուսաստանի Դաշնութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 2-ին Մարտունիի շրջանի Ներքին Ճարտար բնակավայրի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ ՄՄ-21 կայանքէն իրականացուած հրթիռահրետակոծութեան հետեւանքով դպրոցի բակին մէջ թշնամիի յարձակման զոհ դարձած է 12-ամեայ Վաղարշակ Գրիգորեան, անոր հարազատ եղբայրը` 11-ամեայ Գէորգ Գրիգորեան ու եւս մէկ դպրոցական` 12-ամեայ Վարդան Անդրէասեան վիրաւորուած էին: