Տինքը Ամբողջութեամբ Կը Նուիրուէր Աշխարհը Աւելի Լաւը Դարձնելու Գործին. Մուրատ Պելկէ

Հրանդ Տինքը արդար, մարդասէր, քաջ եւ բարոյական մարդ էր: Ան ամբողջութեամբ կը նուիրուէր աշխարհը աւելի լաւը դարձնելու գործին: Այս մասին «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է յայտնի թուրք մտաւորական, ակադեմիկոս, քաղաքացիական գործիչ Մուրատ Պելկէն` Տինքի սպանութեան 10-րդ տարելիցին խօսելով պոլսահայ մտաւորականի ապրած կեանքին եւ թողած ժառանգութեան մասին:
«Անոր հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ կրնար ներսի բարութիւնը արտացոլել աշխարհի վրայ: Երբ կը խօսէր, հնարաւոր չէր չնկատել, որ կը խօսի համեստ եւ սիրով լեցուն մարդ մը: Կը կարծեմ նոյն ատոր շնորհիւ ալ անոր յուղարկաւորութիւնը վերածուեցաւ չսպասուած «իրադարձութեան» մը: Հրանդի համար երթի դուրս եկածներու շարքին կային մարդիկ, որոնք վարժ էինք տեսնել քաղաքական բնոյթի հաւաքներու ժամանակ: Սակայն շատ լաւ կը յիշեմ, որ բացի անկէ կային նաեւ վերջինէն խիստ տարբերող, մէկը միւսին չնմանուող անձիք: Ատիկա ապացոյցն էր այն բանին, որ Հրանդը իր ձայնը լսելի դարձուցած էր հասարակութեան շատ տարբեր շերտերու մէջ եւ ստիպած էր սիրելու իր անձը», նշած է Պելկէն:
Թուրք մտաւորականը ընդգծած է, որ Տինքը իր մահէն ետք իր հետքը ձգեց Թուրքիոյ հասարակութեան վրայ: «Հրանդը արդէն չկայ: Դատական գործը կը շարունակուի: Կան մարդիկ, որոնք վճռական են հետեւելու դատին մինչեւ վերջ (եւ ատիկա շատ իմաստալից է): Անոնք հասարակութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ Հրանդի գոյութիւն ունենալու «տեսանելի արդիւնքն են»: Սակայն հաւատացած եմ, որ կան նաեւ ազդեցութիւններ, որոնք անտեսանելի են»,- ըսած է Պելկէն: Ան նշած է, որ մարդոց մտածելակերպին մէջ գոյութիւն ունեցող Հրանդը կոչ կ՛ընէ բոլորին ըլլալ աւելի լաւը` ըսելով. «Մենք կրնանք ըլլալ աւելի լաւը, քան կանք: Ատիկա, ի հարկէ, ջանք կը պահանջէ, սակայն արժէ»: