Վատ Բանակցութիւնները Պատերազմէն Աւելի Լաւ Են. ԼՂՀ ԱԺ Նախագահ

Նոյնիսկ վատ բանակցութիւնները պատերազմէն աւելի լաւ են: Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէն ապրիլեան ռազմական յարձակումէն ետք բանակցային գործընթացին մէջ ստեղծուած իրավիճակին` Յունուար 18-ին կայացած մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտարարած է ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:
«Ատրպէյճանը 22 տարի յետոյ վերահաստատեց, որ Ղարաբաղը իրեն ենթարկեցնելու միակ տարբերակը կը տեսնէ զէնքի ու ռազմական յարձակման միջոցով: Եթէ 1994 թուականի հրադադարէն ետք մարդոց մտածողութեան մէջ կը ձեւաւորուէր կողմերուն միջեւ հաշտութեան գաղափար, ուստի ապրիլեան ռազմագործողութիւններով՝ Ատրպէյճանը արմատապէս փոխած է այդ մտածողութիւնը: Ակնյայտ է, որ հակամարտութեան վերաբերեալ փոխուած են նաեւ միջազգային կառոյցներու եւ, յատկապէս, հիմնախնդիրի լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու ներկայացուցիչներուն մօտեցումները: Վստահ եմ` եթէ անգամ այդ մասին անոնք բացայայտ չեն յայտարարեր, միեւնոյն է, այն դիրքորոշմը ունին, որ Ղարաբաղի ապագայ կարգավիճակը չի կրնար ըլլալ անկախութենէն ցած»,- ըսած է Ա. Ղուլեան:
Խորհրդարանի խօսնակին կարծիքով՝ ապրիլեան ռազմագործողութիւններով Ատրպէյճանը հաստատած է Արցախի միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնն ու այլընտրանքի բացակայութիւնը: