Արցախի Մէջ Ատրպէյճանի Զինուժի Կրակոցէն Զինուոր Մը Նահատակուած է
Յունուար 18-ին` ժամը 14:00-ի սահմաններուն, Պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, զոհուած է զինծառայող 1997-ի ծնունդ Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեանը:
ԼՂՀ ՊԲ-էն կը յայտնեն, որ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: