Մատրիտի Մէջ Հայկական Դպրոց Մը Բացուած Է

Յունուար 15-ին  Մատրիտի մէջ դռները բացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հայկական կիրակնօրեայ դպրոցը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Աղաւնի Գրիգորեան` Սպանիա ապրող հայ մանուկներն այսուհետ հնարաւորութիւն կ’ունենան պահպանելու հայ խօսքն ու ծանօթանալու հայ մշակոյթին ու պատմութեան: Ինչպէս նշեցին դպրոցի ուսուցիչները` այս պահուն առաջնային նպատակն է, որ օտարութեան մէջ ապրող հայ մանուկը ըլլայ տառաճանաչ, չմոռնայ իր արմատները, լեզուն ու գիրը: Հայոց լեզուի դասերուն զուգահեռ դպրոցին մէջ պիտի իրականացուին երաժշտութեան, նկարչութեան, ազգային աւանդական պարի, հայոց պատմութեան ու հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դասեր:

Երիտասարդ նուիրեալ ուսուցիչները իրենց սաներուն եւ ծնողներուն ներկայացուցին դպրոցի գործունէութեան հիմնական սկզբունքներն ու դրոյթները, հաւաստիացուցին, որ պիտի ընեն ամէն հնարաւոր` դասերը հետաքրիր ու արդիւնաւէտ անցնելու համար: Դպրոցի առօրեան այդքանով չի սահամանափակուիր. կը նախատեսուի կազմակերպել տարբեր ձեռնարկներ, հանդիպում-զրոյցներ, շրջագայութիւններ դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ:

Մատրիտի «Հայ Տուն» մշակութային միութիւնը իր առանձնայատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան` գիրքեր, դասագիրքեր տրամադրելու եւ արտերկրի մէջ հայապահպան գործունէութեան նպաստելու համար:

Դպրոցի կայացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին Սպանիոյ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը, Մատրիտի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:

Արդէն տասներեք հայ մանուկ իրականացուցին իրենց առաջին դասը: Բարի երթ դպրոցին ու կանաչ ճանապարհ մեր երեխաներուն:

%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%81%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%812 %d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%813%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%814 %d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%815%d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%816 %d5%a4%d5%ba%d6%80%d5%b8%d6%817

Scroll Up