Իր մահկանացուն կնքեց Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի բարերար Վարդգէս Սարաֆեան

Հորիզոն-Յունուար 6-ին Մոնթրէալի մէջ մահացաւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի 97-ամեայ բարերար եւ Կիլիկեան իշխանի շքանշանակիր Վարդգէս Սարաֆեան։ Յուղարկաւորութիւնը կայացաւ Յունուար 13-ին։

Վարդգէս Սարաֆեան ծնած էր Իզմիր, 1920-ին, բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ։

Հայրը՝ Յարութիւն, քօէթահիացի էր, այսինքն կուտինացի՝ Կոմիտաս վարդապետի ծննդավայրէն, ու անոր ազգական։ Ան կը սպանուի Իզմիրի աղէտին՝ 1922-ին։ Մայրը՝ Գլխադիր Գալայճեան, որ էվերեկցի (կեսարացի) էր, 23 տարեկանին, իր չորս զաւակներով նախ կ՚ապաստանի Փիրէա՝ Յունաստան, ապա 1923-ին կը հաստատուի Լառնաքա՝ Կիպրոս, իր երկու եղբայրներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ։

Վարդգէս կը յաճախէ ու կ՚աւարտէ տեղւոյն հայկական նախակրթարանը, ապա 1937-ին՝ Ամերիկեան երկրորդական վարժարանը (կաճառը)։

Մայրը ամուսինէն մնացած հարստութիւնը կը յանձնէ իր եղբօր՝ Յակոբին, որ իր կարգին կը ստանձնէ քրոջ ընտանիքին խնամքը։ Երբ Վարդգէս ուսումը կ՚աւարտէ, մօրեղբայրը զինք կ՚առնէ իր կաշիի գործին մէջ։ Ուշիմ ու նախաձեռնութեան ոգիով օժտուած, Վարդգէս տասը տարի ետք՝ 1947-ին, իր եղբօր հետ կը գնէ մօրեղբօր եւ գործընկերներուն կաշիի ընկերութիւնը՝ Cyprus Tannery Limited, ու մինչեւ 1964 զայն կը զարգացնէ ու կը դարձնէ Կիպրոսի մեծագոյն գործարանը։

Վարդգէսին ապագայ կողակիցը՝ Աստղիկ Մուշեան, ծնած էր Կիպրոս՝ 1927-ին։ Իր ծնողքը կիլիկեցի էին (Հաճըն, Ատանա)։ Հայրը Պոլիս մեծցած էր ու թնդանօթաձիգ սպայ դարձած։ Աստղիկ յաճախած է Նիկոսիոյ Մելիքեան վարժարանը, ապա Աղջկանց ամերիկեան վարժարանը։

Վարդգէս եւ Աստղիկ կ՚ամուսնանան 1949-ին։

Վարդգէսի մօրեղբայրը՝ Յակոբ Գալայճեան Կիպրոսի հայ գաղութի ներկայացուցիչը հանդիսացած է խորհրդարանին մէջ։ Վարդգէս Սարաֆեան իր երիտասարդ տարիքէն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է գաղութի կեանքին ու 1945-էն մինչեւ 1963 մաս կազմած է հայկական ակումբի վարչութեան, դարձած անոր գլխաւոր ղեկավար ուժերէն մէկը. ան աշխատած է ակումբը զերծ պահել համայնավար գործակալներու ներթափանցումներէն։

Իր պայքարելու ջիղը, տկարին իրաւունքները պաշտպանելու, տկարին օգնութեան հասնելու ու մանաւանդ իր փայփայած նպատակներու մինչեւ իրագործում անդուլ հետապնդումը նկարագրային այն գիծերն են, որ Վարդգէս դրսեւորած է ամբողջ կեանքին ընթացքին։

Այդ տարիներուն Կիպրոս կը գտնուէր Անգլիոյ տիրապետութեան տակ. Ուինսթըն Չըրչիլի օրերն էին։ երիտասարդ Սարաֆեան կրցած է կապեր մշակել անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ գաղթային նախարարին (Viscount Alan Lennox-Boyd, Colonnial Secretary, 1951) եւ նոյնիսկ կուսակալին հետ (Sir Hugh Foot – Lord Caradon, Governor of Cyprus). իբր չէզոք կողմ (ոչ յոյն, ոչ թուրք)՝ ձեւով մը դարձած է անոնց խորհրդատուն ու անդուլ պայքարած է պաշտպանելու համար Կիպրոսի կաշիի ճարտարարուեստը, որպէսզի տեղական գործարանները մնան բարգաւաճ ու չտկարանան միջազգային մրցակցութեան դէմ յանդիման։

Երբ Կիպրոսի մէջ խառնակ վիճակ կը ստեղծուի յոյն եւ թուրք բախումներուն պատճառաւ, Սարաֆեան ամոլը 1964-ին կը մեկնի Պէյրութ, իսկ տարի մը ետք կը հաստատուի Լոնտոն՝ Անգլիա։ Վարդգէս Սարաֆեան համոզուած էր, որ կեանքին մեծագոյն ծառայութիւնը մատուցած է ազգին՝ Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ ու անոր հովիւին շուրջ ստեղծուած տագնապին ու երկփեղկումին ատեն, յաջողելով կանխել երրորդ ճեղքի մը ստեղծումը ու վերամիացնել պառակտուած եկեղեցին։

Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հետ իր կապերը հինէ՛ն կու գան, կու գան անարդարութիւն մը սրբագրելու Վարդգէսի վճռակամութենէն՝ այն օրերէն, երբ ՀԲԸՄ-ը Մելգոնեան կտակէն կաթողիկոսութեան տարեկան աւանդական յատկացումը կը դադրեցնէր կատարել։ 1956-էն սկսեալ ի՛նք կը ստանձնէ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Աթոռին նիւթապէս օժանդակելու պարտականութիւնը ու զայն կը շարունակէ ամբողջ կեանքը, մտադիր՝ որ ան շարունակուի իր մահէն ետք ալ։ Ան միշտ հպարտութեամբ կը վերյիշէր, որ նիւթապէս թէ բարոյապէս զօրավիգ կանգնած է Զարեհ Ա.-ի ընտրութեան՝ որպէս Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ու պայքարած, որ վերահաստատուին Կ. Մելգոնեանի կտակին յատկացումները։ Նոյն նախանձախնդրութիւնը ունեցած է նաեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան նկատմամբ, համոզուած՝ որ ան պէտք է գոյատեւէ ազգին բարօրութեան ի խնդիր։

1964-ին Վարդգէս Սարաֆեան կ՚անդրադառնայ, որ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի կալուածին մէկ անկիւնը նարնջենիներու այլապատկան հողամաս մը կայ, 1200 քառ. մ տարածութեամբ, որ օր մը կրնայ խանգարիչ դառնալ՝ եթէ վրան բարձր կալուած մը շինուի։ Օրուան կաթողիկոսին կ՚առաջարկէ, որ գնուի ատիկա ու կաթողիկոսութեան տարածքին միացուի, այդ վտանգը հեռացնելու համար։ Ինչ որ կը կատարուի անյապաղ՝ շնորհիւ իր կատարած նուիրատուութեան։ Այդ հողամասին վրայ հետագային պիտի կառուցուին միաբաններու Զարեհեան դամբարան-մատուռն ու սեղանատան շէնքը։

Այդ առնչութեամբ, 1967-ին, Սարաֆեան ամոլը Խորէն Ա. կաթողիկոսին կոնդակով կ՚արժանանայ Կիլիկեան ազգային բարերարի կոչումին։ Վեհափառը այդ առթիւ կը յայտարարէ որ «600 տարուան Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարերարներու պատմութեան մէջ» ամոլը չափանիշ կոտրեց։

Ապա, 1971-ին, աւելցնելու համար նորակառոյց եպիսկոպոսարանի վայելչութիւնը, Սարաֆեանները կը հոգան անոր չորս ննջարաններու կահաւորման ծախսերը։ Իրենց ազգանուէր ծառայութեան եւ ընդհանուր առմամբ իրենց բարերարութիւններուն համար տէր եւ տիկին Սարաֆեան պիտի արժանանան զոյգ կաթողիկոսութիւններու գնահատանքին։ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն վեհափառը նոյն տարին իրենց կը շնորհէ «Կիլիկեան իշխան» շքանշանը իսկ 1991-ին Ամենայն հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. օրհնութեան ու գնահատանքի յատուկ կոնդակով մը կր պարգեւատրէ զիրենք։ Աւելի ուշ՝ 1993-ին Մոնթրէալի մէջ պարոն Սարաֆեանի կը փոխանցուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ա. կարգի շքանշանը՝ Լոնտոնի մէջ իր ունեցած բարերար դերակատարութեան համար։ Վարդգէս երջանիկ կը զգար ի տես զոյգ կաթողիկոսութիւններուն միջեւ մերձեցման ու համագործակցութեան։

Սարաֆեանները 1975-ին կը պատրաստուէին երթալ Պէյրութ հաստատուիլ, աւելի մօտ ըլլալու համար հայ կեանքին, սակայն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը ստիպէ որ մնան Անգլիա ու 1988-ին ի վերջոյ կը հաստատուին Մոնթրէալ, ուր կ՚ապրէր Վարդգէսի մօրեղբօր զաւակը՝ Եդուարդ Գալայճեան։

Պարոն Սարաֆեան կը հաւատար, որ մեր գաղութի կազմակերպական կեանքին մէջ իր գործնական ամենէն ցայտուն ներդրումը եղած է քաջալերել, որ Հայ կեդրոնի Երէցներու միութիւնը ստեղծուի. սկսելով տասնեակ մը ազգայիններով, այդ միութիւնը այսօր վերածուած է անդամական լայն շարքերով պատկառելի կազմակերպութեան մը։

Տարիներու ընթացքին Մոնթրէալի ու Թորոնթոյի հայկական զանազան եկեղեցիներու, Գանատայի թէ այլ երկիրներու հայկական տարբեր հաստատութիւններու, Էջմիածնայ դպրեվանքին, ինչպէս նաեւ երկու գրքերու հրատարակութեան համար Սարաֆեանները կը կատարեն այլազան յատկացումներ։

Հայութեան ծառայելու իրենց մտասեւեռումը սակայն կը մղէ բարերարները, որ աւելի երկարատեւ կերպով ազգին նիւթական կարիքներուն հասնելու միջոց մը գտնեն։ Այդպէս է, որ կը ծագի մնայուն աղբիւր մը հաստատելու գաղափարը, ու 1990-ին վերջապէս կը ստեղծուի Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան անձեռնմխելի հիմնադրամը, որ հետագային կ՚անցնի 1,1 միլիոն գանատական տոլարի սահմանը, ներառելով նաեւ դպրոցի շէնքի գնման առթիւ յաւելեալ քառորդ միլիոն տոլարի յատկացումը։ Հիմնադրամը առաջին հերթին կը ծառայէ կրթաթոշակ հայթայթելու Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի երկրորդական բաժնի կարիքաւոր աշակերտներուն, նաեւ՝ օժանդակելու համալսարան յաճախող ուսանողներու ուսումնական ծախսերուն։ Հիմնադրամը նկատի ունի նաեւ մեր զոյգ կաթողիկոսութիւնները, որոնց տարեկան մնայուն յատկացում մը կ՚ըլլայ։

1993-ին Սուրբ Յակոբ ազգային վարժարանի ամավերջի հանդէսին կը յայտարարուի, որ նախակրթարանի բաժինը այդ թուականէն սկսեալ կը կրէ «Վարդգէս եւ Աստղիկ Սարաֆեան նախակրթարան» անունը։

Սարաֆեաններու բարերարութեան այդ կենսական արարքին լաւագոյն գնահատումը բանաձեւած է Գարեգին Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը՝ 1996-ի իր Մոնթրէալ այցելութեան առթիւ. «… Դուք ձեր կեանքին ընթացքին կը վայելէք այս երեխաներուն դէմքի ժպիտը, որ մեր ազգի վերածնութեան ցոլքն է դէպի փայլուն ապագան…»։ Իսկ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., 1997-ին Մոնթրէալի մէջ դրուատելով պրն Սարաֆեանի արարքները, յատկապէս նշած է. «Բարերարները անոնք են, որոնք Աստուծոյ իրենց տուած իմաստութենէն, նիւթական հարստութենէն, շնորհներէն բան մը կու տան ազգին։ Ազգին ծառայութեան գանձանակին մէջ բան մը կը դնեն…»։

Վարդգէս Սարաֆեանի ցանկութիւնն է եղած, որ մեր աշակերտները օրինակ առնեն իրմէ ու իրենց մասնակացութիւնը բերեն գաղութի կեանքին, իսկ երբ մտնեն կեանքի ասպարէզ՝ միշտ նիւթապէս ալ զօրավիգ կանգնին եկեղեցիին, դպրոցին, կեդրոնին։

2014-ին Սարաֆեան կը գնահատուի նաեւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ՝ արժանանալով կրկնակի՝ 85 տարուան վեթերան անդամի յուշատախտակին։

Աստղիկ Սարաֆեան հոգին աւանդած էր 2010-ին, իսկ Վարդգէս Սարաֆեան մահացաւ 2017 յունուար 6-ին։

 Վ-Ա. Ա.

Scroll Up