Զինուորական Հիւանդանոցին ՄԷջ Մահացած Է Հակառակորդին Կողմէ Ծանր Վիրաւորուած Զինուորը

Յունուար 15-ին` ժամը 23:35-ին, Երեւանի կեդրոնական զինուորական հիւնադանոցին մէջ մահացած է 2016-ի Դեկտեմբեր 30-ին հակառակորդին կողմէ ծանր վիրաւորուած զինծառայող, 1996-ի ծնունդ Գարիկ Վարդանեանը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութենէն:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան սահմանին հակառակորդին կողմէ Դեկտեմբեր 29-ի եւ լոյս 30-ի գիշերը հրադադարի խախտման հետեւանքով վիրաւորուած էր ժամկէտային զինծառայող Գարիկ Վարդանեանը, զոր տեղափոխած էին Մուրացանի զինուորական հիւնադանոց: Վիրաւոր ժամկէտային զինծառայողը մահաքունէն դուրս չէր եկած:

Scroll Up