Սփիւռքի Գործարարները Հետաքրքրուած Են Արցախի ՄԷջ Ներդրումներ Կատարելու Հարցով

Սփիւռքի գործարարները հետաքրքրուած են Արցախի մէջ ներդրումներ կատարելու հարցով: «Արմէնփրէս»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան նշեց, որ գործարարներէն արձագանքներ կան, այժմ հետեւողական աշխատանք կը տարուի անոնց հետ:
«Արդէն ﬔզ յայտնի ﬕ քանի գործարարներից Սփիւռքի նախարարութիւնը ստացել է գրութիւններ այն մասին, որ ցանկանում են տեղեկանալ, թէ ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան Արցախում ներդրումներ կատարելու համար, տնտեսութեան ո՞ր ճիւղերն են առաջնահերթ: Մենք սերտ կապի ﬔջ ենք Արցախի կառավարութեան եւ ներդրումային ծրագրերով զբաղուող կառոյցների հետ: Մենք ﬕ քանի առաջարկներ արդէն ներկայացրել ենք, սակայն պէտք է նշել, որ Սփիւռքի նախարարութիւնն, այդ իմաստով, կապող օղակ է»,-ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան:
Սփիւռքի նախարարի տեղակալը տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը կը նախատեսէ Սփիւռքէն ժամանած եւ ներդրուﬓերու պատրաստ գործարարներուն համար հէնց տեղուոյն վրայ` Արցախի մէջ, ներդրումային ծրագիրներուն ծանօթանալու հնարաւորութիւն ստեղծել: Անոնց կը ներկայացուին այն ոլորտները, ուր կարելի է ներդրուﬓեր կատարել` նպաստելով Արցախի տնտեսութեան զարգացման:
«Արցախի կարեւորութեան գաղափարն ամուր նստած է ﬔր ﬔջ: Շատերը հասկանում են, որ դա պարզապէս ներդրում չէ, դրանով նպաստում ենք Արցախի հզօրացմանը: Ի դէպ, շեշտը դրուելու է նաեւ Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման վրայ: Զբօսաշրջութեան զարգացման տեսանկիւնից Արցախը ﬔծ հնարաւորութիւններ ունի»,-աւելցուց Սերժ Սրապիոնեան: