«Հայաստան» Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Չայքովսկիի Անուան Երաժշտական Դպրոցին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/01/7ZNMmoVT6oePvOcUbU5vkQc5HL.jpg)
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ արեւելեան շրջանի իր տեղական մարմիններու ֆինանսաւորմամբ՝ մէկ «էսթոնիա» ռոյալ եւ ինը «Փեդրոֆ» դաշնամուր նուիրաբերած է Երեւանի Չայքովսկիի անուան միջնակարգ երաժշտական մասնագիտական դպրոցին:
«Դաշնամուրային դասերը մեր սաներու երաժշտական գիտելիքներու հիմքն են, անկախ, թէ ինչ գործիքի վրայ կը մասնագիտանան անոնք, եւ բարերարներու այս նուէրը, վստահաբար, որակական փոփոխութիւն պիտի բերէ ուսման գործընթացին մէջ: Եւս 25 դաշնամուրի կարիք ալ ունինք»,- ըսած է դպրոցի տնօրէն Մարտուն Կոստանդեանը:
Դպրոցը, որ այսօր նորովի կը ներկայանայ մեր քաղաքին, հիմնանորոգուած եւ արդիականացուած է Հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան շրջանի տեղական մարմինին ջանքերով (2015-16թթ.): Լայնածաւալ աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ կրթօճախի շուրջ 600 աշակերտները ձեռք բերած են յարմարաւէտ պայմաններ, թէ՛ երաժշտական եւ թէ՛ հանրակրթական կրթութեան համար: