Վարչապետը Յանձնարարած Է Առաջարկութիւններ Ներկայացնել Ներմուծումը Տեղական Արտադրութեամբ Փոխարինելու Վերաբերեալ

Այսօր տեղի  ունեցած է ՀՀ կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեան: Նախքան օրակագային հարցերու քննարկումը վարչապետը  շարք մը յանձնարարականներ  տուած է: Վարչապետի առաջին յանձնարարականը վերաբերած է ներմուծումը տեղական արտադրութեամբ փոխարինելուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
«Յանձնարարում եմ Տտնտեսական զարգացման եւ ներդրումների, Ֆինանսների, Պաշտպանութեան, Գիւղատնտեսութեան, Առողջապահութեան նախարարներին` համատեղ ուսումնասիրել եւ 20 օրեայ ժամկէտում առաջարկութիւն ներկայացնել ներմուծումը տեղական արտադրութեամբ փոխարինելու վերաբերեալ` ըստ առանձին ապրանքների»,-նշած է գործադիրի ղեկավարը: Վարչապետը յանձնարարած է, մասնաւորապէս, դիտարկել փոխարինման մեքենականութիւններու տարբեր հնարաւորութիւններ, ներառեալ`
1. համարժէք փոխարինող ապրանքներ, որոնց արտադրութեան կազմակերպումը տեղուոյն վրայ կարելի է  շահաւէտ եւ մրցունակ ըլլան ներմուծուողներուն նկատմամբ: Շուկայական մեքենականութիւններով հնարաւոր դարձնել եւ ապահովել այդ ապրանքներուն նկատմամբ պահանջարկը` տեղական արտադրութեան տեսանկիւնէն ոչ շահաւէտ եւ ներմուծուող ապրանքներու պահանջարկի կրճատման հաշուին:
2. ապրանքներ, որոնց արտադրութիւնը տեղուոյն վրայ կազմակերպելը շահաւէտ է եւ ատոնք մրցունակ են շուկայի մէջ, սակայն գոյութիւն ունեցող նման արտադրութիւններու կարողութիւնները սահմանափակ են կամ չի կազմակերպուիր տեղական նման արտադրութիւն: Ընդ որում, այդ ապրանքներու արտադրութեան կազմակերպման կամ արտադրական հզօրութիւններու աւելացման համար կատարուելիք ներդրումները կարելի է  գնել միջին ժամկէտի մէջ:

 

Scroll Up