Հռոմի Պապին Նուիրակը Փորձած Է Կասեցնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Վատիկանի գաղտնի արխիւները հետազօտող Վալենթինա Վարդուհի Կարախանեան տեղեկութիւններ հաւաքած է, թէ ինչպէ՛ս Հռոմի Պենետիքթ ԺԵ. պապի նուիրակը տեղեկացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ փորձած կասեցնել զայն:
Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ հետազօտողը «Ռոմ Ռիփորթզ»ին պատմած է, թէ պատրաստուող գիրքի գլխաւոր դերակատարներէն է Հռոմի պապի ներկայացուցիչ, կարտինալ Անճելօ Մարիա Տոլչին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն փորձած է զօրաշարժի ենթարկել Կոստանդնուպոլսոյ դիւանագիտական խումբը, դատապարտած է կատարուող դէպքերը ու, թէեւ առանց յաջողութեան, սակայն այդ խնդիրով հասած է նոյնիսկ մինչեւ սուլթանին:
«Պատուիրակը իրաւունք չէ ունեցած դիմելու բազմաթիւ մարմիններու: Սակայն ան գացած եւ ցոյց տուած է պատուիրակութեան յատուկ փաստաթուղթեր, քանի որ սուլթանին հասնելու համար անհրաժեշտ էր ցոյց տալ Հռոմի պապին ստորագրութիւնը: Ան հանդիպում ունեցած է նախարարներու, գլխաւոր վեզիրին եւ սուլթանին հետ: Ան խօսած է պապին եւ Սուրբ Աթոռին անունով, քանի որ վստահ էր, որ Հռոմի օրուան պապը կ՛ուզէր օգնել եւ փրկել այս ժողովուրդը», դիտել տուած է Կարախանեան:
Վատիկանի գաղտնի արխիւէն գտած նիւթերուն մէջ կան այդ տարիներուն արձանագրուած փաստեր՝ իրենց տուներէն վտարուած քրիստոնեաներու ոչնչացման վերաբերեալ: «Որոշ տարածքներու մէջ անոնք կը կոտորէին, միւսները կ՛աքսորուէին անյայտ ուղղութիւններով՝ ճամբաներուն վրայ մահանալով։ Կային մայրեր, որոնք նոյնիսկ իրենց զաւակները կը վաճառէին՝ զանոնք մահուան ճիրաններէն պաշտպանելու նպատակով», պատմած է Վալենթինա Կարախանեան: Ան նշած է, որ Հռոմի պապին պատուիրակը գիտակցած է, որ տեղի ունեցածը ո՛չ միայն հայերուն կը վերաբերէր, այլ այդ տարածքին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն դէմ էր։