Ոչ եւս է Հանրի Սիրանեա

Ֆրանսահայ գաղութը իր երեւելի դէմքերէն մէկը եւս կորսնցուց: Ոչ եւս է Հանրի Սիրանեան:
Ծնած էր 1935-ին Ռոման. Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներու զաւակ էր: Արհեստով՝ մասնագէտ հաշուապահ, նաեւ՝ համալսարանի դասախօս էր: Իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Ֆրանսահայութեան եւ յատկապէս Վալանսի հայ գաղութի մշակոյթին եւ պատմութեան:
«Իր մանկութիւնը պատերազմի եւ գրաւման տխուր տարիներուն ապրած ըլլալով՝ իր յիշատակներու ուղղակի ոճով պատումները, ուր յուզում եւ երգիծանք փոխն ի փոխ իրարու կը յաջորդեն, ի յայտ կը բերեն այնպիսի պահեր երբ մանկական խաղերը կը խառնուին վերակառուցման շրջան մը բոլորող քաղաքի մը՝ Վալանսի պատմութեան հետ, նոյնիսկ՝ Տրոմի եւ Արտէշի հետ։ Ան նաեւ հեղինակ է հայ գրականութեան նուիրուած ուսումնասիրութեան մը եւ հայ մեծագոյն գրողներու եւ բանաստեղծներու բառարանի մը»։ Ահա այսպիսի տողերով ողբացեալը կը ներկայացուէր La Bouquinerie հրատարակչատան կողմէ, որ 2014-ին լոյս ընծայած էր իր «Flâneries arméniennes en Drôme-Ardèche» («Արտէշի մէջ հայկական թափառումներ») հատորը:
Շատեր չեն գիտեր նաեւ թէ Սիրանեան այն անձը եղած է, որու շնորհիւ հայերէնը որպէս այլընտրական լեզու ընդունուած է Պաքալօրէայի քննութիւններուն:
Ան եղած է պատուոյ նախագահը Վալանսի հայ նախկին ռազմիկներու ընկերակցութեան, փոխնախագահը՝ Հայ նախկին ռազմիկներու ազգային դաշնակցութեան, երկար տարիներ նաեւ նախագահը՝ Վալանսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ բազմաթիւ ու զանազան պաշտօններ ստանձնած է հայկական անհամար կազմակերպութիւններու մէջ: Դեռ նոր աւարտած էր երկու գործեր, որոնցմէ մէկը «Flâneries arméniennes en Drôme-Ardèche»-ի շարունակութիւնն էր:

Սիրանեան Պատւոյ լեգիոնի ասպետ էր, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալակիր, «Ներսէս Շնորհալի» մետալի շքանշանակիր, պարգեւատրուած էր նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Գարեգին 2-րդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ: Անրի Սիրանեան մեծ գիտնական էր, հայոց պատմութեան մեծ գիտակ:
Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Յունուար 11-ին, Վալանսի Ս. Սահակ եկեղեցւոյ մէջ:

Սիրանեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ չորեքշաբթի, 11 Յունվարին, Վալանս քաղաքի հայկական Սուրբ Սահակ եկեղեցւոյ մէջ:

Scroll Up