Ոսկան Վարդապետին Տեսիլքը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան

« Խօսքը կը թռչի, բայց գիրը կը մնայ»։

Լատին փիլիսոփայութիւնը կը հաւատար (եւարժանաւորձեւով) թէգիրը՝իր տպագիր ձեւին մէջ է որ կըմնայ։ Եւ մնալը սոսկ գոյութեան համար չէ։ Այլ ֆիզիքականէն անդին՝ պատգամը պահելու գիտակցութեանը մէջ։ Պատգամը՝որ կը կերտէ ֆիզիքական գոյութիւնը՝ բայց նաեւ իմացական ու հոգեմտաւոր եւ անհատին ու հաւաքականութեանը մշակութային արժէքները փոխանցելու կարեւոր հարամայականովը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը՝ Անթիլիասի Հայգիրքիերեսուն եւ եօթներորդ ցուցահանդէսը 30 հոկտեմբեր 2016ին, նուիրեց հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան երեք հարիւր եւ յիսուն ամեակին։ Որովհետեւ եւ ինչպէս վեհափառ հայրապետը կը վկայէ՝ Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնն է՝ իւրայատուկ, սուրբ եւ ամբոխջական արժէքը քրիստոնէական հաւատքին։ Եւ այս իրականութենէն մեկնելով՝ վեհափառ հայրապետը առաջնահերդ կը նկատէ թէ Աստուածաշունչը պէտք է ներմուծել հաւաքականութեանը կեանքին մէջ՝նպատակ ունենալով նոյն այս կեանքերուն տալ յառաջխաղացք, փոխելով զանոնք (կեանքերը) արժէքի հասկացողութեանը մէջ եւ անոր համար։

Եւ այս «ներմուծելը» իրականացաւ՝ու տակաւին խօսքէն անցաւ գիրին՝իմմա Աստուածաշունչի տպագրութեամբը՝ուր գիրը յաւերժացաւ, եւ որ Ոսկան վարդապետի տեսիլքին արքասիքն էր։

Գաղթականիզաւակ՝ ծնողքը Շահ-ԱբասիժամանակԵրեւանէնտեղահանուածէրուՍպահան, ՆորՉուղայհաստատուած։ Ոսկանծնածէր 1614 թուականին՝հայրենի հողէն հեռու՝Նոր Չուղայի մէջ։ Եւ ան կրցաւ ունենալ երազը եւ զայն իրականացնելու համար տեսիլքը, թէ իր հողէն հեռու ապրող հայը պէտք է շարունակէ ապրիլ։ Եւ այդ ապրելուն մէջ պէտք էր պատգամը՝ ու անհրաժեշտութիւնը նոյն այդ պատգամը ներմուծելու  հայուն հաւաքական կեանքերուն մէջ։

Եթէ Ոսկան վարդապետի կեանքը ստացաւ տարբեր հեւք՝որովհետեւ ան կրցաւ տեսնել թէ հայ ժողովուրդին ապրելու հրամայականին համար պէտք էր հայերէն Աստւոածաշունչին տպագրութիւնը։ Ան առանց յուսահատելու անդադար թափառեցաւ բայց նաեւ տառապեցաւ եւ իր երազին տուաւ տեսիլք՝բայց նոյն այդ տեսիլքը իրականացուց 1666 էն մինչեւ 1668 տարիներուն երբ հայը ունեցաւ տպագիր առաջին հայերէն Աստուածաշունչը՝ տպուած Ամսթերտամի մէջ՝ իր իսկ ձեռքով։

Եւ վեհափառ հայրապետը։ «Աստուածաշունչը տպագրելով՝ Ոսկան վարդապետ սոսկ տպագրական մարզին մէջ կարեւոր իրագործում մը չէր կատարեր, անոր հիմնական նպատակը մեր ժողովուրդը հրաւիրել էր Աստուածաշունչը կարդալէն ու ճանչնալէն անդին՝ զայն ապրելու։ Հոս կը կայանայ խորունկ իմաստը Աստուածաշունչի տպագրութեանը։

Եւ իրաւացի է պատմաբան Լեոի զգանչացումի վկայութիւնը։ « Ոսկան վարդապետ օտար հողի վրայ գործելով հանդերձ եւ նկատի ունենալով այդ օրերու տպագրութեան գործի հանգամանքները, կարելի չէ չզարմանալ այդ տպագրութեան վրայ»։

Եթէ Մովսէս Մարգարէն Սինայի բարձրունքին վրայ իր ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձուց երկնային օրէնքին տախտակները եւ որ զարկ տուաւ Եբրայական գրականութիւնը՝Մեսրոպ Մաշտոցը Աստուածաշունչը հայացուց։ Իսկ Ոսկան վարդապետ զայն ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձուց եւ այդպիսով հայ գիրի նկատմամբ նաեւ սէր ներմուծեց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։

Բայց կայ տակաւին Ոսկան Վարդապետի երազին եւ տեսիլքին խորքային տուեալները։ Թէ ինչու՞ եւ ինչ՞ բանի համար էր Ոսկան վարդապետի մղումը Աստուածաշունչը ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնելու իր հեւքին մէջ։

Արամ Վեհափառը ունի պատասխանը։ « Հոգեւոր Արթնութիւն»։

Եւ հոգեւոր արթնութիւնը պէտք չէ սահմանափակել այսպէս ըսած իր կրօնա-քրիստոնէական տեսադաշտէն միայն։ Որովհետեւ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը համապարփակ է։Համապարփակ, որովհետեւ Աստուածաշունչը եւ անոր դաստիարակութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը կամրջէ անհատը իր ապրած կառոյց(ներուն) հետ եւ անոր նկատմամբ տածածհետաքրքրութեանը, բայց նաեւկը փորձէ տալ հաւասարակշռութիւն մը անհատին ապրած ու ապրելիք իրադարձութիւն-իրականութիւններուն ու ձգտելի եւ հասանելի արժէքներուն միչեւ եւ անոնց հետ, ու զանոնք կիրարկելու համար ստեղծուած եւ ստեղծելի միչոցառումներուն։ Եւ այս համապարփակ դաստիարակութեան միչոցաւ է որ անհատը կը շինէ եւ կը վերաշինէ իր հաւատամքները եւ անոնց մեկնաբանութիւնները՝ ուր հաւաքականութեան կեանքերուն  համար կուտայ հասարակական նշանակութիւններ եւ զանոնք կիրարկելու համար համակերպման միչոցառումներ։

Եւ այս համակերպման միչոցառումներով եւ հասարակական նշանակութիւններով է որ մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ կը շարունակեն ապրիլ՝ իրենց կեանքերուն տալով նոր եւ նորոգուող լիցք։ Եւ այս նոր լիցքով է որ հաւաքականութիւններ կ՚արձանագրեն յառաջխաղացք։

Եւ դարձեալ Լեոն է։ « Ոսկանը զոհ էր։ Զոհ իր զարմանալի եռանդին»։ Բայց պէտք չէ մտահան ընել թէ այս զոհի ինքնագիտակցութիւնը մխտեց զինք իր երազը եւ տեսիլքը իրականացնել։ Եւ իրականացնելու մէջ կար հաւատքը՝Ոսկան վարդապետին՝ եւ երեք հարիւր եւ յիսուն տարիներ առաջ, թէ հայ ժողովուրդը պէտք է շարունակէ ապրիլ միշտ նոր ու նորոգուող լիցքով մը, հասնելու համար մինչեւ այսօրը ու տակաւին աւելին…։ Եւ նոր լիցքը կարեւոր է որպէսզի հայուն կեանքը չի լճանայ ժամանակի սլացքին հետ՝ այլ յառաջխաղացք արձանագրէ։

Ոսկան վարդապետին տեսիլքը։ Հայուն համար է։ Որպէսզի հայը իր կեանքը ապրի եւ շարունակէ ապրիլ նոր լիցքի այս տեսլականովը եւ անոր համար։

Օգտագործուած աղբիւրներ։

Aram I, Taking the Church to the People(Beirut: Armenian Catholicosate of Cilicia, 2011),

Paul Kybird, “Using the Bible in Adult Christian Education,” JATE 3, no. 1 (2006).

Joseph Crockett,Engaging Scripture in Everyday Situations: An Interactive Perspective that Examines Psychological and Social Processes of Individuals as They Engage Scripture Texts(London: Equinox Publishing, 2005)

Լեո,«Հայկական Տպագրութիւն», Թիֆլիս, 1904

Ներսէս Արք. Պոզապալեան, «Ոսկան Վարդապետ Երեվանցի», Էջմիածին Ամսագիր, Էջմիածին,1966.

%d5%b6%d5%af%d5%a1%d6%80

 

Scroll Up