«32 Օր Ճանապարհին. Ուխտագնացութիւն Ս. Յակոբայ Ի Սպանիա»

Կիրակի, 22 Յունուար 2017-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (5252 Honolulu Ave., La Crescenta CA 91214), կ.ե. ժամը 1-ին, յաւարտ Ս. պատարագի, կազմակերպութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին՝ տեղի պիտի ունենայ ուխտագնացութեան մը նուիրուած դասախօսութիւն: Օրուան հիւր դասախօսն է դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան: Դասախօսութեան նիւթն է՝ «32 օր ճանապարհին. Ուխտագնացութիւն Ս. Յակոբայ ի Սպանիա»։

Հայ ուխտաւորներ այդ սրբավայրը սկսած են երթալու դեռեւս 11րդ դարէն սկսեալ: Այսօր, The Camino de Santiago-ն համաշխարհային ժողովրդականութիւն վայելող ճանապարհորդութիւններէն մէկն է: Միայն 2015 թուականին, այս ուխտագնացութիւնը կատարած են աւելի քան 260,000 ուխտաւորներ: Այնտեղ կարելի է հասնիլ քանի մը ճանապարհներով:

2016ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն, Սոնա եւ Յարութիւն Արմէնեանները այնտեղ քալեցին ամենայայտնի ֆրանսական ճամբայով, որ կը սկսի Ֆրանսայի Սուրբ Jean-Pied-de-Port-էն եւ կ՛անցնի Փամփլոնայով, Պուրկոսով, Լոնկրոնոյով, Լիոնով, Ասթորիայով, իսկ 790 քիլոմեթր կտրելէ ետք՝ կ՛աւարտի Սանթիակոյի մէջ: Այս ճանապարհորդութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ կոփելու ճամբորդողին ֆիզիքական դիմադրողականութիւնը եւ վերանորոգելու անոր հոգեւոր ներաշխարհը:

Դասախօսութիւնը պիտի կայանայ ընկերակցութեամբ խտասալիկներու, նկարներու եւ ջրաներկ գծագրութիւններու, որոնք առնչուած են ճանապարհորդութեան:

Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեան համաճարակագիտութեան դասախօս է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) Fielding School of Public Health-ի եւ Johns Hopkins Bloomberg School of Public Health-ի մէջ, ուրկէ եւ ստացած է իր մագիստրոսի եւ դոկտորականի վկայականները: Ան, 1968ին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն MD վկայուելէ ետք, աշխատակցած ու պատասխանատու պաշտօններ վարած է Պահրէյնի առողջապահական նախարարութեան, AUB-ի, Johns Hopkins համալսարանի MPH ծրագիրներուն եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ:

Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ 14 տարիներու իր ծառայութեան ընթացքին, ան ձեռնամուխ եղած է կրթական նոր ծրագիրներու մշակման՝ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներուն համար: Արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» նախագահական շքանշանին՝ 2001ին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի Մայրիներու (Cedar) պետական շքանշանին:

Դոկտ. Արմէնեան նաեւ հասարակական լայն ու շնորհակալ աշխատանքներ տարած է Լիբանանի եկեղեցական շրջանակներուն, Համազգային Մշակութային Միութեան եւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան մէջ: Ան հեղինակ է 100 գիտական յօդուածներու եւ 20 գիրքերու: Հայաստանի մէջ կը շարունակէ աշխատակցիլ Turpanjian Rural Development ծրագիրին, որ գիւղական շրջաններու մէջ հիմնած է 280 գործատեղիներ եւ աշխատանքի պատրաստած է աւելի քան 1000 հայորդիներ: Դոկտ. Արմէնեան, նաեւ իբրեւ ջրաներկի նկարիչ, ունեցած է 6 անձնական ցուցահանդէսներ եւ տպագրած է երեք գիրքեր: 2015ին, իր ջրանկարները տպագրուած են եւ մասնակից դարձած այս արուեստի միջազգային զարգացման:

Դոկտ. Յարութիւնն ու իր կինը՝ Սոնան, նաեւ լեռնագնացներ են: Անոնք մագլցած են Արարատ լեռը՝ 2006ին: 2012ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն մագլցած են Թանզանիայի Քլիմանճարօ լեռը, իրենց զաւակին՝ Սարոյի հետ միասին, իսկ 2013ին՝ Փերուի Machu Picchu-ն։ 2016ի Փետրուարին, Սոնան մագլցած է Մեքսիքայի ամենաբարձր լերան՝ Օրիզապայի գագաթը, Լեռնագնացներու միութեան խումբին հետ: Իսկ 2016ի Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն, Սոնան եւ Յարութիւնը աւարտեցին Camino de Santiago de Compostela-ի 700 քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը՝ 32 օրերու ընթացքին:

Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաք. եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած իւրայատուկ այս դասախօսութեան մուտքը ազատ է: Այն բոլոր ազգայինները, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները ու հովանաւորել մեր յառաջիկայ ձեռնարկները, կրնան կապ պահել եկեղեցւոյ կայքէջին վրայ գտնուող

cvarmenianchurch@gmail.com հասցէին միոջոցով։

(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)

Scroll Up