ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի Համանախագահները Եւ ԵԱՀԿ Գործող Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչը Զեկոյցներով Հանդէս Եկան ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդին Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/11/1368603783_osk.jpg)
Նոյեմբեր 14-ին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդին մէջ ելոյթներով հանդէս եկան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ժաք Ֆորը եւ Ճէյմս Ուորլիկը ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասպրչիկը:
Մինսկի խումբի համանախագահները ներկայացուցին 2013թ. ընթացքին կատարուած աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ: Վերահաստատուեցաւ համանախագահ պետութիւններու` Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի: Կարեւոր համարուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ նոյեմբերին կայանալիք հանդիպման իրականացումը, որ կրնայ նոր եռանդ հաղորդել բանակցային գործընթացքին:
Դեսպան Անճէյ Քասպրչիկը ներկայացուց իր գրասենեակի կատարած աշխատանքը` անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծի եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանի երկայնքով հրադադարի կարգի դիտարկումներու իրականացման եւ վստահութեան ամրապնդման ձեռնարկներուն վրայ:
ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար, դեսպան Արման Կիրակոսեան իր ելոյթին մէջ բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերը` ուղղուած արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման:
Հայկական կողմը կարեւոր նկատեց 2012թ. յունուար 23-ին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու կողմէ ընդունուած համատեղ հռչակագիրով ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացումը եւ ընդգծեց, որ Հիմնարար սկզբունքները պէտք է դիտարկուին որպէս մէկ ամբողջութիւն:
Դեսպան Կիրակոսեան շեշտեց Սոչիի հռչակագիրով նախատեսուող հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեխանիզմի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կը նպաստէ հրադադարի կարգի ամրապնդման եւ պայմաններ կը ստեղծէ բանակցային գործընթացքի յառաջընթացքին համար:
Վերահաստատուեցաւ Հայաստանի դիրքորոշումը, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով` ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան մէջ արտացոլուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու եւ համանախագահ պետութիւններու Լաքուիլայի, Մուսկոկայի, Տովիլի, Լոս Քապոսի եւ Էնիսկիլենի ու ԵԱՀԿ Հելսինկիի, Աթէնքի, Ալմաթայի, Վիլնիւսի եւ Տուպլինի նախարարական խորհրդաժողովներու ծիրէն ներս ընդունուած յայտարարութիւններու հիման վրայ: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն: