Ամանորեան Նուէրներ՝ Արցախի ՀՕՄին Կողմէ

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՕՄի «Ամանոր» ծրագիրի ծիրին մէջ, Մարտակերտի շրջանի սահմանամերձ Մատաղիս եւ Տօնաշէն համայնքներու մինչեւ 18 տարեկան 215 երեխաներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ 30 Դեկտեմբերին ամանորեան նուէրներ ստացան։
Ծրագիրին աջակցած է իրանահայ «Թեւանիկ» բարեսիրական խումբը, որուն հետ համագործակցութիւնը արդէն 3 տարուան պատմութիւն ունի: Ամանորեան նուէրները բաժնելու ատեն նկատի առնուած են երեխաներու տարիքային առանձնայատկութիւնները. մինչեւ 4րդ դասարանի աշակերտները ստացան խաղալիքներ ու քաղցրաւենիք, իսկ 5րդ դասարանէն մինչեւ 12րդ դասարանի աշակերտները՝ թիւով 56 երեխայ, ստացան 5000ական ռուբլի գու-մարներ, նաեւ քաղցրաւենիք: Դպրոցականները ստացան ընդհանուր թիւով 87 նուէր, իսկ մանկապարտէզի երեխաները՝ 26 նուէր: Ամանորեան նուէրներ բաժնուեցան նաեւ բոլոր զինուորներուն՝ մինչեւ 18 տարեկաններուն:
ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետ Կարինէ Դադայեանը, շնորհաւորելով երեխաները Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով՝ ըսաւ, թէ սահմանապահ գիւղերու երեխաները իրենց իսկ ներկայութեամբ ամուր ու անխախտ կը պահեն հայրենի երկրի սահմանները եւ բոլորին մաղթեց խաղաղ լուսաբացներ: Սահմանը պահող անոնց հայրերը իրենք զիրենք աւելի ինքնավստահ ու պարտաւորուած կը զգան, երբ ընտանիքները իրենց թիկունքին կանգնած են:
«Թեւանիկ» բարեսիրական խումբը Ամանորի առթիւ Ստեփանակերտի գրասենեակին մէջ 100ական տոլար դրամական աջակցութիւն ցուցաբերեց նաեւ ստեփանակերտցի բազմազաւակ 20 ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին զոհուածներուն՝ թիւով 27 ընտանիքներու՝ 200ական տոլար գումարով:
Ամանորի ծրագիրին մէջ կը ներառուի նաեւ «Սօսէ» մանկապարտէզներու երեխաներուն ամանորեայ նուէրներու բաշխումը: