ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ ՄԵԿՆԱՐԿՈՒՄ

Նախաձեռնութեամբ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայկական իրականութեան  մէջ  եւ  ի  սպաս  Հայ  դպրութեան  ծնունդ  առաւ  ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ը:

Արդարեւ Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 8-ին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեանին,  ՀՀ Դեսպանութեան  ներկայացուցիչ՝  Ա. քարտուղար  Պրն. Վարդան  Ադամեանին, ՌԱԿ  Կեդրոնական  Վարչութեան,  ՌԱԿ  Լիբանանի  Շրջանային  Վարչութեան  եւ  ԹՄՄ Հիմնադիրներու   Մարմնի   ներկայացուցիչներուն,   շարքային   ընկերներու,   Հայ   գիրի   ու   գիրքի նուիրուած մտաւորականներու եւ բարեկամներու ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ Մեկնարկումի Ասուլիսը կատարուեցաւ, որուն ընթացքին հանրութեան եւ մամուլին տրամադրութեան տակ դրուեցաւ ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ հիմնադրութեան ծրագիրն ու հետապնդած նպատակները:

ՌԱԿ-ի Խօսքը արտասանեց ընկ. Մայք Խարապեան, որ բացատրելէ ետք Մատենաշարին հիմնադրութեան ազգօգուտ դրդապատճառները եւ նպատակը – որն է առիթը տալ Հայ մտաւորականներու եւ բանասէրներու անխտիր իրենց մտքին պտուղը հանդիսացող գրական, ուսումնասիրական   կամ   այլ   գործերը   հանրութեան   հրամցնելու   եւ   անոր   սեփականութիւնը դարձնելու, հրատարակելով եւ տարածելով  իրենց աշխատութիւնները եւ ի մասնաւորի Հայ Դատի, պահանջատիրութեան եւ ՌԱԿի գաղափարախօսութեան տարածումին սատարող աշխատասիրութիւններ – պաշտօնապէս մեկնարկեց ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ը եւ յառաջիկայ առաջին հանգրուանի որպէս նպատակակէտ դնելով երեք տարբեր գիրքեր հրատարակել եւ նուիրել զանոնք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակին:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ հրատարակելի առաջին գիրքը` Հայրենի ընկեր Սուրէն Սարգսեանի ուսումնասիրութիւնը   հանդիսացող      ՙԱՐՄԷՆԻԱ   Թերթը   Արմենականութեան   Գաղափարախօս՚ գործը   ներկայացուց ընկ. Սեւակ Յակոբեան կարճ ֆիլմի մը միջոցաւ: Գիրքը լայնածաւալ ուսումնասիրութիւնն  է   1885-ին  Մարսէյլի  մէջ   մեծանուն  Մկրտիչ  Փորթուգալեանին խմբագրութեամբ հրատարակուած ՙԱրմէնիա՚ թերթին, որ ըստ ուսումնասիրութեան եւ ժողովուրդի պատմութեան, կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ ատենին, Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր քունէն    արթնցնելու,  զայն  մղելով  դէպի ազատագրական    պայքար,   հոգեւոր   սերմնացանը հանդիսանալով   Արմենական   Կուսակցութեան, որուն հիմքերուն վրայ յետագային ծնաւ Հայ իրականութեան    մէջ   մեծ   երախտիք   ունեցող   եւ մինչեւ օրս պատնէշի վրայ գտնուող ՌԱԿ-ը:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ հրատարակութիւններու երկրորդ գիրքին ծրագիրը ներկայացուց ընկ. Արամ Սեփեթճեան:   Հայոց   Ցեղասպանութեան   100 Ամեակին նուիրուած Յուշամատեանն է ան, որ տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլայ մեծանուն ընկ. Գերսամ Ահարոնեանի ատենին խմբագրած   եւ   Ցեղասպանութեան    Յիսնամեակին նուիրուած նշանաւոր ու հանրութեան կողմէ մեծապէս գնահատուած եւ փնտռուած ՙՅուշամատեան Մեծ Եղեռնի՚ պատմական հրատարակութեան:

Երրորդ գիրքը հետաքրքրական եւ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ հանրագիտարան մը, որուն հեղինակն է Լիոնաբնակ ընկ. Արման Շերեֆ, դարձեալ   ներկայացուց Ընկ. Սեւակ Յակոբեան, այս անգամ սահիկներու միջոցաւ:

Իր   իւրօրինակ   գիրքով   Արմանը   Հայ   Ժողովուրդի   ամբողջ   պատմութիւնը`   եղափոխութիւնը (evolution) ներկայացուցած է խորհրդանիշերու (symbols) միջոցով:

Իր անձնական հաւաքածոյին մաս կազմող անթիք իրեր,   մետաղադրամներ, նամականիշեր եւ փաստանիւթային հնութիւն ներառող ամբողջ հանրագիտարանային հատոր մը պատրաստած է Արմանը` 356 էջով: Նամականիշերու եւ այլ վաւերագրերու պատկերներուն ան կցած է ծանօթագրութիւններ,  ուր տրուած  են անոնց  ստեղծման  կամ  ի յայտ  գալուն,  ինչպէս  նաեւ  բուն նիւթին մասին պատմութիւններ:  Այսինքն փոխանակ Հայոց Պատմութիւնը երկարօրէն պատմելու, ան առած է պատմական անձնաւորութեան  մը կամ դէպքի մը վերաբերող դրոշմաթուղթը  եւ կամ անոր փաստատուղթը ու անոր նկարին կցած է բացատրողական մը կարճ պարբերութեամբ` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, մատչելի` հայախօս հայերուն կողքին նաեւ  հայերէն լեզուին անծանօթ հայերուն եւ թէ՛ օտարներուն, այս ձեւով ստեղծելով իւրայատուկ, շատ հետաքրքրական եւ մանաւանդ բոլորին հասանելի ոճով Հայոց Պատմութեան գիրք մը, որ ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ հովանին վայելող հրատարակութիւններուն մաս պիտի կազմէ շատ շուտով:

Հրատարակելի   առաջին   գիրքերուն   ներկայացումին   եւ   ընդհանրապէս   ՌԱԿ   ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ ծրագրին  ու  անոր  մեկնարկումի  յայտարարութեան  լոյսին  տակ,  ներկաները  ունեցան հետաքրքրական  եւ  շահաւետ  հարցադրումներ,  որոնց  շարքին  էր  նաեւ  հանրածանօթ մտաւորական   եւ   հրապարակագիր   Տոքթ.   Թորոս   Թորանեան,   որ   քաջալերական   խօսքերով ողջունեց ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐԻ հիմնադրութիւնը եւ յարատեւութիւն մաղթեց անոր ծրագիրներուն:

Աւարտին  յիշենք,  թէ  ՌԱԿ  Կեդրոնական Վարչութեան հովանին վայելող ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ- ը տնօրինող գրական եւ նիւթական յանձնախումբին շուտով  մաս  պիտի  կազմեն՝  Սփիւռքի  բոլոր ափերուն մէջ ապրող մտաւորականներ եւ բարերարներ` զանազան լեզուներով թէ՛ գիրքի եւ թէ՛ ելեկտրոնային ձեւով գրուած ու պատրաստուած լաւագոյնն ու պիտանին հրատարակելու եւ տարածելու ամէնուրեք` օգտակար հանդիսանալով Հայ եւ հայասէր հեղինակներուն տարածելու իրենց մտքին արգասիքը հանդիսացող աշխատանքները: Վերջապէս  նշենք,  թէ  լիբանանեան  ՙFuture՚ հեռատեսիլի կայանին հայերէն լուրերու բաժինը յատուկ  պատրաստուած  հաղորդագրութիւն  մը սփռեց ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ-ի մեկնարկումին մասին:

 

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ  ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ  ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռամկավար  Մամուլ

Scroll Up