Կարօ Փայլանը Ընդդիմացած է Սթամպուլի Որոշ Դպրոցներու Մէջ Ամանորը Տօնելու Արգելքին
Թուրքիոյ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, խորհրդարանին մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին՝ ընդդիմացած է Սթամպուլի որոշ դպրոցներու մէջ Ամանորը նշելու հարցով ստեղծուած խոչընդոտներուն: Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ակոս»-ը։
Փայլանը, խորհրդարանի ամպիոնէն, Սթամպուլի Շիշլիի շրջանին մէջ կրթութեան հարցերով զբաղող կոմիտէին կողմէ, այդ տարածքին մէջ գտնուող դպրոցներուն մէջ Ամանորը նշելու արգելքին վերաբերեալ քանի մը հարց ուղղած է Թուրքիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին:
«Ի՞նչ նկատի ունեցած է կոմիտէն, երբ իբրեւ Ամանորի տօները արգիլելու հիմք օգտագործած է «Մեր մշակութային աւանդոյթներուն անհամապատասխան» արտայայտութիւնը»,- հետաքրքրուած է հայ պատգամաւորը եւ ուշադրութիւն հրաւիրած հարցին, թէ արդեօք Թուրքիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ առհասարակ տեղեակ են Ամանորի եւ քրիստոնէական Սուրբ Ծնունդի տօներուն միջեւ եղած տարբերութեան մասին:
Փայլանը նաեւ յիշեցուցած է, որ հայաշատ Շիշլի թաղամասին մէջ կան նաեւ հայկական վարժարաններ, ուր Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը նշելը քրիստոնեայ երեխաներուն իրաւունքն է:
«Այն պարագային, երբ մեր երկրին մէջ Ամանորէն առաջ ամբողջ ժողովուրդը կը գնէ տօնական լոթոյի տոմսեր, ինչո՞ւ իբրեւ խնդիր կը դիտարկուի դպրոցներուն մէջ երեխաներուն նուէրներով փոխանակուիլը»,- իր ելոյթը եզրափակած է Փայլան` ակնարկելով, որ լոթոյի խաղարկութիւնները նոյնպէս կը հակասեն իսլամական արժէքներուն: