Արժանթինահայ Բոլոր Հաստատութիւններու Միացեալ Մարմին Մը Կազմուեցաւ

Հայկական ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ոգեկոչման առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն  արձանագրած բացառիկ յաջողութիւնը, որ արդիւնք էր գաղութիս բոլոր կազմակերպութիւններու միացեալ աշխատանքին,  պատճառ հանդիսացաւ ,որ   ստեղծուի միացեալ մարմին մը  բաղկացած գաղութի  բոլոր կազմակերպութիւններէն եւ աշխատանքի այս դրական ոճը շարունակուի: Գործադիր յանձնախումբը այս ուուղղութեամբ աշխատեցաւ, որպէսզի  ստեղծուած մարմինը օրինաւոր հանգամանք ստանայ:   
Այս առթիւ Երեթշաբթի Դեկտեմբեր 27ին  առաջնորդարանին մէջ,  Գիսակ Մուրատեան սրբազան հօր ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ եւ բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ,   որուն նպատակն է,  որ բոլոր գործող միութիւններն ու  կազմակերպութիւնները միանան այս մարմնին ,վասն մեր գաղութի  բարգաւաճման  ու վերելքըին բոլոր մարզերէն ներս1
Ստորագրող կազմակերպութիւններն էին: Հայ կեդրոնի վարչութիւն, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր միութիւն, Հայկական Մշակութային ընկերակցութիւն, Հայկական   Տեմոքրաթ Ազատական կազմակերպութիւն, Շարժում մշակութային միութիւն, Հայաստանի հիմնադրամ, Արարատ օթեակ:


Scroll Up