Գամիշլիի ՍՕԽ-ի «Արցախ» Մասնաճիւղի Ամանորի Տօնակատարութիւն (լուսանկարներ)

Ինչպէս Սուրիոյ բոլոր շրջանները, Գամիշլին եւս այս տարի մեծ խանդավառութեամբ լծուած էր Կաղանդի տօնակատարութեան նախապատրաստութեան աշխատանքին։

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2016- ի երեկոյեան, ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան եւ յանձնախումբերուն կազմակերպութեամբ, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք, կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Բացման խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ տիկ. Ռուզան Պետրոսեան-Ղազարեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք անդրադարձաւ երկրէն ներս արձանագրուող դրական զարգացումներուն ու մեր կեանքին մէջ անոնց ուղղակի ազդեցութեան։

Արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան անդամ տիկ. Թալին Փափազեան-Օհանեան, որ բարձրօրէն գնահատեց երկրիս խոհեմ եւ խիզախ նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի վարած հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ մեր երկիրը պատերազմէն աստիճանաբար կ՚ուղղուի դէպի խաղաղութեան ափ։

Ամանորեայ խորհուրդն ու հայրական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց գաղութիս հոգեւոր հովիւ Տէր Պսակ Քահանայ Պէրպէրեան՝ դիտել տալով, որ մեր աղօթքները անպատասխան չմնացին, եւ արդարութեան ու խաղաղութեան արեգակը լուսաւորելու եկաւ վեց տարիներ շարունակ միգամած մեր երկինքը։

Տօնակատարութեան ընթացքին ներկաներուն բաշխուեցան խմբապետական կազմին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ, իսկ փոքրիկներուն՝ «Ալ Րաֆիտէյն» ընկերութեան կողմէ նուիրուած խաղալիքներ։

Նշենք, թէ օրուան ամբողջ հիւրասիրութիւնը պատրաստուած էր Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ։

Scroll Up