Ախալցխայի Հայկական Երիտասարդական Կեդրոնը 10 Տարեկան Է

Akhaltskha.Net-ը եւ Javakhkmedia.com–ը սիրով կը շնորհաւորեն Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնը 10 ամեակին կապակցութեամբ: Անցած տաս տարիներուն ընթացքին կեդրոնը իր անձնակազմի նուիրեալ աշխատանքին շնորհիւ Ախալցխայի մէջ իրականացուցած է մեծ աշխատանք, որուն արդիւնքով հայեցի կրթութիւն ստացած են բազմաթիւ պատանիներ ու երիտասարդներ: Նպաստած է հայկական մշակոյթի պահպանման, զարգացման ու տարածման Ախալցխայի եւ ամբողջ Սամցխէ-Ջաւախքի մէջ: Կեդրոնը իր ազգանուէր ու հայապահպան գործունէութեան շնորհիւ միշտ մեծ հեղինակութիւն վայելած է ու կը վայելէ քաղաքի հայութեան շրջանին:
Այսօր ալ Ախալցխայի հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնի գործունէութիւնը այնչափ կարեւոր է շրջանի հայութեան համար եւ այս առումով կազմակերպութիւնը կը կրէ մեծ պատասխանատուութիւն մեր ժողովուրդին առջեւ շարունակելու ու ընդարձակելու իր հայապահպան ու ազգանուէր գործունէութիւնը:
Սամցխէ-Ջաւախքի Մետիա Վերլուծական Կեդրոն
Յ.Գ. «Հայերն այսօր» պարբերականը նոյնպէս կը միանայ շնորհաւորանքին ու կեդրոնին կը մաղթէ երկարամեայ գործունէութիւն հայապահպանութեան ու հայկական մշակոյթի տարածման ուղղուած այնչափ կարեւոր առաքելութեան մէջ: