ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Վիրահայոց Թեմէն Ներս

2016 թուականի Դեկտեմբեր 16-ին, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ ոգեկոչուեցաւ հայերէն տպագիր Աստուածաշունչի 350-ամեակը:  Ձեռնարկը սկսաւ Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ երգչախումբի կատարմամբ «Տէրունական աղօթքով, ապա ‹‹Հրաշափառ››-ի հնչիւններու ներքոյ հանդիսաւորութեամբ դահլիճ բերուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Սրբատառ Կոնդակը` Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակին առիթով: Կոնդակը ընթերցեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդի օգնական հոգեշնորհ Տէր Խորէն վարդապետ Յովհաննիսեան:

Ցուցադրուեցաւ տեսաֆիլմ` նուիրուած Ամսթերտամի մէջ Ոսկան Երեւանցիի ազգանուէր գործունէութեան, որուն արդիւնքով 1666 թուականին 5 հազար օրինակ տպաքանակով առաջին անգամ հայերէն Աստուածաշունչ տպագրուեցաւ:

Ձեռնարկը ամփոփեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան: Իր օրհնութիւնը յղելով ներկաներուն, Թեմակալ առաջնորդը արժեւորեց հայերէն Աստուածաշունչի տպագրութեան դերն ու նշանակութիւնը, գնահատելով զայն որպէս ազգայինի պահպանութեան, գրի ու մշակոյթի զարգացման եւ քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եզակի միջոց:

Սրբազան հայրն իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որ Սրբատառ Կոնդակով ամենուրէք, ներառեալ նաեւ Վիրահայոց թեմէն ներս, արժեւորուեցաւ եւ անմահացուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն տպագրութեան 350-ամեակը:

Վիրահայոց թեմի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Մակար Եկմալեան (խմբավար Սուետլանա Թաթոեւա) երգչախումբի կատարմամբ հնչեցին «Հայր մերը», «Հրաշափառ» «Վարանիմք», «Ով զարմանալի» եւ «Հրաշացան» շարականները, իսկ «Հայարտուն» կեդրոնի «Ներսէս Շնորհալի» երգչախումբը (խմբավար Մարի Ապուլեան, դաշնակահար` Կարէն Միրզոյեան) կատարեց Ներսէս Շնորհալիի «Նոր ծաղիկ», Մեսրոպ Մաշտոցի «Հայոց գիրեր» եւ Ռաֆայէլ Պատկանեանի «Օրօրոցային» երգերը:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան 1733 թուականին Վենետիկի մէջ Մխիթար Սեբաստացի Աբբահօր կողմէ հայերէն Աստուածաշունչի վերահրատարակութեան, 1786 եւ 1842 թուականներուն Տփխիսի, 1857 եւ 1895 թուականներուն Կոստանդնուպոլսոյ եւ այլ տարիներու հրատարակուած տպագիր օրինակները:

Ձեռնարկին ներկայ էին Վիրահայոց թեմի հոգեւոր դասը, Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտներ, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, Թիֆլիսահայ մտաւորականներ, հասարակայնութեան ներկայացուցիչներ:  Ձեռնարկին իրականացման մասնակցած էին թեմի հոգեւոր դասը, «Հայարտուն» կեդրոնը, առաջնորդարանի պաշտօնէութիւնը:

Ձեռնարկը աւարտեց առաջնորդ Սրբազանի Պահպանիչ աղօթքով:

2016 թուականի Դեկտեմբեր 22-ին, պաշտօնական այցով Վրաստանի մէջ գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, այցելեց Վիրահայոց թեմի Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ Եկեղեցի: Նախարարին ընդունեց Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեան հոգեւոր դասին հետ:

Նախարարը եւ իր պատուիրակութիւնը մոմեր վառեցին 13-րդ դարու կառոյց Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ եւ աղօթք բարձրացուցին հինաւուրց տաճարին մէջ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ծաղկեպսակ զետեղեց Եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգչող հայազգի զօրավարներ Միխայիլ Լորիս-Մելիքովի, Իւան Լազարեւի, Պորիս Շելքովնիքովի, Արզաս Տէր-Ղուկասովի շիրիմներուն:

Այնուհետեւ Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահին մէջ կայացաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան հանդիպումը Թիֆլիսահայ համայնքի անդամներուն, Սամցխէ-Ջաւախքի տարածաշրջանի կառոյցներու ղեկավարներուն, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, մտաւորականներուն հետ:

Հիւրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի պետական օրհներգներու կատարմամբ ողջունեցին կեդրոնին մէջ գործող «Սուրբ Մովսէս Խորենացի» նախակրթարանի սաները:

Ողջունելով նախարարը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տէր Վազգէն եպիսկոպոսը անդրադարձ կատարեց պատմական այն ուղիին, որ իրար զօրակցելով կերտած են հայերն ու վրացիները, կանգնելով իրենց հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովելով իրենց ժողովուրդներուն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, ողջունելով առաջնորդն ու  վիրահայերը, արժեւորեց եւ բարձր գնահատեց Հայոց Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ Սփիւռքի ու Հայոց բանակին մէջ: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը խօսեցաւ հայ-վրացական դարաւոր բարեկամութեան մասին, նշելով, որ մեր երկու ժողովուրդներու, երկիրներու միջեւ երբեք որեւէ լուրջ բախում, տարաձայնութիւն չէ եղած: Նախարար Սարգսեան արժեւորեց այն, որ պատմականօրէն հարեւան երկիրները նոյն արժեհամակարգը եւ քրիստոնեայ հաւատքը կրողներ են: ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը ի մասնաւորի խօսեցաւ տարածաշրջանի  անվտանգութեան ապահովման եւ խաղաղութեան պահպանութեան գործին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի զինուած ուժերու համագործակցութեան հեռանկարներուն մասին:

Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ռազմական կցորդ, գնդապետ Սամուէլ Ռամազեան ընթերցեց ՀՀ նախարար Վիգէն Սարգսեանի հրամանագիրը` ղարաբաղեան պատերազմի ազատամարտիկներ թիֆլիսաբնակ Սթանիսլաւ Մանուկեանին, Արթուր Պէկլեանին եւ «Հայարտուն» կեդրոնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեանին Գարեգին Նժդեհ մետալով պարգեւատրելու մասին:

Մեծարգոյ նախարարը պատասխանեց ներկաները հետաքրքրող հարցերուն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարն իր հանդիպումը աւարտեց հայ համայնքին ուղղուած գալիք ամանորի բարեմաղթանքով:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանին կ’ուղեկցէին առաջին փոխնախարար Դաւիթ Տոնոյեան, զօրավար Էնրիքօ Ապրիամովը եւ պատուիրակութեան միւս անդամները:

12 3 4

Scroll Up