Կեսարիոյ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին Կը Վերակառուցուի Ու Կը Դառնայ Ցուցասրահ

Թուրքիոյ Քայսերու (պատմական Կեսարիա) քաղաքին մօտ 40 տարի որպէս մարզական կեդրոն ծառայած հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերակառուցման ընթացքին փակցուած ցուցապաստառին վրայ «Եկեղեցի» գրութիւնը քաղաքացիներու զայրոյթի պատճառ դարձած է:

Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» պարբերականը, «Եկեղեցւոյ վերակառուցման աշխատանքներ» ցուցապաստառի դէմ հնչած քննադատութիւններէն ետք ցուցանակը
փոխուած է եւ տեղադրուած է «Մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոնի շինարարութիւն» գրութիւնը:

Եկեղեցին մօտ 40 տարի ծառայած է որպէս մարզական  ձեռնարկներու վայր: Քայսերի բնակիչները տեղի ունեցածը կը կապեն վարչապետ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան հետ այն մասին, որ ճանապարհ կառուցելու համար, եթէ հարկ ըլլայ, մզկիթ ալ կը քանդեն:

«Ակօս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին Քայսերի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է, որ ներկայիս քաղաքին մէջ կը վերակառուցուի 20 պատմական շինութիւն, եւ տարիներ շարունակ որպէս մարզական կեդրոն ծառայած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին պիտի վերածուի ցուցասրահի:

Ան նշած է, որ  քանի  եկեղեցին հայկական ճարտարապետութեան նմուշ է, վերակառուցման համար հայ ճարտարապետի հետ պիտի համագործակցին: Պիտի վերակառուցուի նաեւ դեռեւս գործող Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Պաշտօնեան յայտարարած է, որ առաջին պաստառը պարզապէս իրենց ցուցանիշներուն չէր համապատասխաներ եւ փոխուած է միայն այդ պատճառով:

http://www.tert.am

Scroll Up