Հայկական աւանդական ճաշերու պազար
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/բազար-300x225.jpg)
Կիրակի՝ 18 Դեկտեմբեր 2016ին, «Վ. եւ Վ. Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, տեղի ունեցաւ Հայ Գթութեան Խաչի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի եւ «Մալաքեան-Գասպարեան» հայկական դպրոցի Ծնողական Մարմնոյ կողմէ կազմակերպուած հայկական աւանդական ճաշերու Պազարը։
Պազարը շատ նշանակալից եւ խորհրդանշական քայլ էր թէ՛ մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան եւ թէ՛ նորակազմ ծնողական միութեան համար, որու երիտասարդ անդամուհիները բնաւ փորձ չունէին պազար կազմակերպելու։
Նկատառելի էր եւ գնահատելի պազարի յանձնախումբին աշխատանքը, որու անդամուհիները՝ ընկերուհիներ Սէրանա Պարթեմեան եւ Նեկտար Պլէճեան՝ Շրջանային Վարչութիւնէն, Մարիա Գունտակճեան եւ Աննա Խասապի՝ «Անի» մասնաճիւղէն եւ ընկերուհիներ Տիաննա Բայազեթեան, Սիւզաննա Չօպանեան եւ Մէրի Աւէտիսեան՝ Ծնողական Միութենէն, ամէն ջանք գործադրած էին պազարը ամենաբարձր մակարդակով կազմակերպելու համար։ Առիթ մը ստեղծուեցաւ, որպէսզի երեք միութիւններու տիկինները կողք-կողքի աշխատին եւ համագործակցին՝ յանուն մէկ եւ ազնիւ նպատակի։
Պազարին պատիւ ունեցանք հիւրընկալելու ընկերուհի Անայիս Գասապեանին, որ անձնուիրաբար եւ մեծ գուրգուրանքով իր ձեռքով պատրաստած էր ձեռագործ աշխատանքներ եւ անուշներ, որոնց վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան՝ հոգալու դպրոցին կարիքները։
Հիացմունքի եւ խորին շնորհակալութեան արժանի գործ մը ահա՛, որ կու գայ հաստատելու, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «կամաւորութիւն»։
Պազարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» միութիւնը, իր տաղաւարին ներկայացնելով հայկական աւանդական քաղցրաւէնիքներ։ Վարչութեան անդամները վաճառքէն գոյացած ամբողջ գումարը փոխանցեցին պազարի յանձնախումբին՝ այսպիսով իրենց մեծ ներդրումը ունենալով պազարի յաջողութեան մէջ։ Պազարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբը։
Տօնական այս օրերուն, սոյն Պազարը գեղեցիկ տօն էր բոլորին համար, տօն ՝միասնականութեան, քանի որ իր շուրջ համախմբեց զանազան միութիւններ եւ անհատներ, տօն՝ կամաւորութեան, քանի որ այժմեան լարուած առօրեան ի նկատի առնելով, բազում անդամուհիներ՝ զոհաբերելով անոնց ժամանակը, դպրոցահասակ երեխաներու հոգսը եւ այլ պարտականութիւններ, կամաւորութեան ոգով լեցուն եւ մեծ ջանասիրութեամբ պատրաստուեցին սոյն պազարին։ Բոլորին համախմբեց սէրը դէպի դպրոց եւ դէպի միութիւն։
Պազարին ներկայացուած էին զանազան աւանդական ուտեստներ եւ քաղցրաւէնիք՝ մանթի, իշլի քէոֆթէ, աւանդական ղափամա, հայկական տոլմա, պասուց տոլմա, աւանդական պայուսակներ եւ գոգնոցներ եւ այլն` պատրաստուած միութիւններու անդամուհիներու, դպրոցի ծնողներու եւ կազմակերպող միութեան անդամուհիներու կողմէ։
Պազար այցելեցին մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ՝ յոյն եւ օտար ընկեր-բարեկամներ։ Բոլորն ալ շատ բարձր գնահատեցին թէ՛ պազարին վաճառուելիք տեսականին, սրահին բարձրաճաշակ զարդարումը եւ թէ անթերի կազմակերպուածութիւնը։
Կազմակերպող վարչութիւնները իրենց խորին շնորահակլութիւնը կը յայտնեն բոլոր ներկաներուն, անոնց՝ որ սատար կանգնեցան մեզի` մեր այս դժուարին գործին մէջ եւ ուժ կու տան մեզի առաջանալու։
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն։
ԻՐԷՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ազատ օր