Պէտք Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Խօսուի Լիբանանի Պատմութեան Գիրքին Մէջ

«Հայերն այսօր»-ը արդէն տեղեկացուցած էր, որ Դեկտեմբեր 10-ին կազմակերպութեամբ Թէքէյեան մշակութային միութեան Լիբանանի տեղական վարչութեան, համագործակցութեամբ «Պեթանիա-Հարիսա»-ի եւ բարձր հովանաւորութեամբ ՀՀ դեսպանութեան` Լիբանանի մէջ կայացած է«Հայաստանը Լիբանանի սրտին մէջ» խորագիրով ձեռնարկը, որուն ներկայ եղած է նաեւ աշխատանքային այցով Լիբանան գտնուող ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Մարոնիտ, Հայ առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ, դեսպան Գաբրիէլի Քաչչան, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Նաիմ Աունի աղջիկը եւ անոր ամուսինը` զօրավար Շեմալ Ռուքոզը, Լիբանանի քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարներու ներկայացուցիչներ, հայ համայնքի մշակութային, կրթական կառոյցներու, կուսակցութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Ելոյթ ունեցողներուն մէջ եղած է նաեւ զօրավար Շեմալ Ռուքոզը, որուն խօսքը (թարգմանութիւնը` Վիգէն Թոսունեանի) «Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ ստորեւ
Բարի երեկոյ,
«Եթէ Լիբանանը հայրենիքս չըլլար, զայն ընտրած էի որպէս հայրենիք», Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան դուն գրեցիր այս նախադասութիւնը արտայայտելու համար սէրդ, կապուածութիւնդ եւ հիացումդ քու հայրենիքիդ Լիբանանին, սակայն ես վստահ եմ որ տեսիլքդ անցաւ սահմանը եւ ժամանակը, դուն կը տեսնէիր ժողովուրդ մը, որ 1915-ին կը կորսնցնէր իր հայրենիքը…Եւ ինչ դժուար բան է հայրենիք կորսնցնելը, սակայն ամենամեծ ձեռքբերումը նոր հայրենիք որդեգրելն է եւ քեզ որդեգրէ մեծ հայրենիք մը եւ ժողովուրդ մը…
Այս ժողովուրդը ենթարկուեցաւ սոսկալի ջարդերու, բռնագաղթի եւ սպանութեան, բռնի հանուեցաւ իր հայրենիքէն, սակայն աշխարհին փաստեց թէ ինք ողջ ժողովուրդ է եւ թէ որքան զօրեղ ըլլայ զինուորական ուժը եւ զօրաւոր ըլլայ բռնութիւնը, չեն կրնար փոխել պատմութիւնը, եւ յիշատակները աւելի զօրաւոր են գրաւումէն: Ուրեմն անոնք փաստեցին, թէ իրաւունքը չի մեռնիր եթէ զայն պահանջող կայ…
Հաստատակամութիւնը իր դիրքորոշումին մէջ, հաւատարմութիւնը հայրենիքին եւ դատին հանդէպ մեզ կը մղեն հարց տալու, թէ ինչպէ՞ս կ’որդեգրուին հայրենիքներ:
Երբ մասնագէտներ, իրաւաբաններ եւ օրէնսդիրներ համակարծիք էին թէ հայրենիքը հող, ժողովուրդ եւ իշխանութիւն է:
Հայ ժողովուրդը եկաւ եւ փաստեց, որ կարելի չէ որդեգրել հայրենիք մը եթէ չկայ բացարձակ հաւատարմութիւն անոր եւ դատին հանդէպ, որքան որ հեռու ըլլանք անկէ աշխարհագրականօրէն եւ որքան որ երկարի ժամանակը:
Մեր կողմէ, մեր եւ 150 հազարէ աւելի հայ համաքաղաքացիներուն միջեւ դրական յարաբերութեան պատճառով մեր ընկերութեան մէջ, կը յայտնենք.
– Գիտցանք, որ հաւատարմութիւնը կրնայ ունենալ երկու երեսներ մէկ դատի համար՝ հաւատարմութիւնը Լիբանանին եւ հաւատարմութիւնը հայկական դատին:
– Գիտցանք որ «պատասխանատու չէզոքութիւն»ը հիմնուած է կարեւոր հիմերու վրայ, որոնք են.
– Պետութեան եւ անոր հաստատութիւններու օրինականութեան
Պաշտպանութիւնը,
– Լիբանանի գերիշխանութեան, անկախութեան եւ ազատութեան
օժանդակութիւնը:
– Աշխատիլ որ յարգուի բոլոր համայնքներուն միջեւ համակեցութիւնը:
– Մերժում ամէն տեսակի բռնութեան, զէնքի կամ հակամարտութեան երկրին
Մէջ:
– Սորվեցանք որ համեստութիւնը, համագործակցութիւնը եւ ընկերութեան
ծառայութիւնը աւելի կարեւոր են դիրքերէ եւ պաշտօններէ:
– Սորվեցանք որ համարկումը չի նշանակեր չէզոքացում կամ ձուլում:
– Սորվեցանք որ օրէնքի յարգումը եւ համակերպիլը չեն
նշանակեր ինքնուրացում, ենթարկուիլ կամ ստորնացում:
– Սորվեցանք որ մշակոյթի, լեզուի կամ աւանդութեան պահպանումը չեն
նշանակեր յետամնացութիւն կամ կարծրութիւն, անոր համար կը գտնենք
եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ իւրաքանչիւր հայկական ընկերութեան մէջ:
– Սորվեցանք որ Դատին հետապնդումը կ’արտացոլայ գործի բծախնդիր
հետապնդումը բոլոր ասպարէզներուն մէջ՝ ճարտարարուեստ,
վաճառականութիւն, արուեստներ, կրթութիւն: Լիբանան ըլլալով
բազմազանութեան երկիր, պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսուի
Լիբանանի պատմութեան գիրքին մէջ, որովհետեւ յիշատակները կարեւոր են
պատմութեան կերտումին մէջ: Հայոց պատմութիւնը դպրոց մըն է
ազգասիրութեան եւ բարոյականի:
– Սորվեցանք որ ազգային ինքնութեան պահպանումը զանց չ’առներ երկրորդ
հայրենիքին պատկանելիութիւնը կամ անոր հաւատարմութիւնը: Հոս չեմ
կրնար չյիշել նախկին պատրիարք Յովհաննէս Պետրոս 18-րդ Գասպարեանի
խօսքը.«Լիբանան այն հայրենիքն է, որուն համակեցութեան ձեւին չկայ այլ
տարբերակ, որքան որ աւելնայ արտաքին գայթակղութիւնը եւ
դժուարութիւնները իրարու յաջորդեն»:
Այսօր, երբ կը գտնուինք սուրբ տօներու սեմին, մասնաւորաբար Ս.Ծնունդի,
չենք կրնար չփափաքիլ եւ չշեշտել հայկական հարցին իսկական ծնունդը: Այդ
ծնունդը չ’իրականանար միայն կարգ մը երկիրներու եւ խորհրդարաններու
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով, յետնորդներուն անցագիր տալով կամ
թրքական յստակ ճանաչումով: Ծնունդը կը սկսի անիրաւուած հայ ժողովուրդի
բոլոր իրաւունքներու վերադարձով եւ բոլոր նիւթական ու մարդկային
կորուստներու հատուցումով:
Իսկական ծնունդը կը սկսի, երբ կրնանք հպարտօրէն դարձնել հայ ժողովուրդի
պատմութեան այդ սեւ էջը ու կը ձգենք, որ նահատակները խաղաղութեամբ
ննջեն:
Կեցցէք,
Կեցցէ հայկական դատը
եւ կեցցէ Լիբանանը