ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» Մասնաճիւղի Նորաձեւութեան 30րդ Ցուցադրութիւնը՝ Մարտ 2017ին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/1222sipanfashion2.jpg)
Հայ Օգնութեան Միութեան Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղը մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի ներկայացնելու իր Նորաձեւութեան 30րդ ցուցադրութիւնը, «Եունիվըրսըլ Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ, Շաբաթ, 25 Մարտ 2017ին:
Տարուող աշխատանքները բացառիկ արդիւնքներով աւարտելու համար, կազմակերպիչ յանձնախումբը խմբովին կը տքնի՝ յօգուտ Հայ Օգնութեան Միութեան ազնիւ նպատակի իրագործման եւ մարդկութեան ի նպաստ գործելու նուիրական գաղափարին:
ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի վարչութիւնն ու Նորաձեւութեան ցուցադրութեան յանձնախումբը կը յայտարարեն, որ Նորաձեւութեան 30րդ ցուցադրութեան համար հրաւիրած են Լոս Անճելըսէն ձեւագէտ Վիգէն Տէրտէրեանն ու Նիւ Եորքէն Sarafia Couture-ը՝ ներկայացնելու համար իրենց հագուստներու նոր եւ ճոխ հաւաքածոն:
Այս առիթով, մեր յատուկ շնորհակալութիւնները եւ ջերմագին զգացումները կը յայտնենք հովանաւորներուն եւ քաջալերողներուն, որոնք տարիներ շարունակ սատարած են անցեալի ձեռնարկները, եւ ի խնդիր մեր ընդհանրական շահերուն՝ յանձնառութեամբ եւ իւրայատուկ նուիրումով մասնակից եղած են հայ կեանքի բարեսիրական, կրթական ու մշակութային բազմերես աշխատանքներուն:
Նշենք նաեւ, որ Ապրիլ 2016ին, Նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը հովանաւորած էր գաղութէս ներս ծանօթ բժիշկ Սուզան Չոպանեան, որ 3րդ անգամն ըլլալով նիւթական յատկացում կը կատարէր եւ շօշափելի գումար կը տրամադրէր ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղին։
Բժիշկ Սուզան Չոպանեան ծնած եւ հասակ նետած է հայրենասիրական գաղափարներով տոգորուած ու հասարակական գործերու նուիրուած ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ, որ խոր ազդեցութիւն ձգած է պատանի եւ երիտասարդ Սուզանին վրայ. այսպիսով, ան հետագային որոշած է ընթանալ նոյն ճամբով եւ օգնել մարդկութեան:
Մեր կարգին, երախտագիտութեան ջերմ զգացումներով կը շնորհաւորենք բժիշկ Սուզան Չոպանեանը եւ մեր անցեալի բոլոր հովանաւորները՝ իրենց մարդասիրական ծառայութեանց համար:
Կը հաւատանք, որ մեր սիրելի հայուհիները պիտի ջանան ամէն գնով գնահատել եւ բարձր դասել ՀՕՄի դերն ու ներդրումը հաւաքական մեր կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ համագործակցութեամբ յաջողցնել եւ զարգացնել ծրագիրները, մէկտեղել մեր ուժերը եւ հանրութեան ներկայանալ միացեալ, մշակուած եւ ազդեցիկ գործունէութեամբ։
Այս տարուան ձեռնարկի հասոյթէն մաս մը պիտի տրամադրուի Արցախի քառօրեայ պատերազմին ընթացքին նահատակուած քաջարի հայ զինուորներու ընտանիքներուն կարիքները հոգալու նպատակին:
Նորաձեւութեան 30րդ ցուցադրութիւնը վայելելու եւ ձեր տեղերը ապահովելու համար, հեռաձայնեցէք հետեւեալ ընկերուհիներուն.
Քնար Աւետիսեան՝ (818) 425-9493
Ժարմէն Միրզախանեան՝ (818) 484-6618
Կանխայայտ շնորհակալութիւն ձեր բոլորին, որ ձեր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով պիտի գնահատէք Հայ Օգնութեան Միութեան ծառայութիւնը հարստացնող սոյն նուաճումը:
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՍԻՓԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ