ՀՄԸՄի «Արարատ» Մասնաճիւղի 38ամեակի Տօնակատարութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/12/1222Ararat-38th-Anniversary4.jpg)
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3ին, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահը ուրախ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ կը գտնուէր, որովհետեւ մասնաճիւղի անդամները, համակիրներն ու հիւրերը հոն ժամանած էին՝ միասնաբար տօնելու մաս-նաճիւղի հիմնադրութեան 38րդ տարեդարձը։
Կեդրոնը վերածուած էր պարահանդէսի վայելուչ սրահի մը՝ շնորհիւ կազմակերպիչ յանձնախումբին, ատենապետութեամբ Ժասիկ առահեանի։
Ձեռնարկը սկսաւ մասնաճիւղի անդամներէն սոփրանօ Էվանա Գրիգորեանի կողմէ քայլերգներու կատարումով։ Հանդիսավար Ալեք Բաղդասարեան, իր բացման խօսքէն ետք, բեմ հրաւիրեց Քալիֆորնիոյ 28րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսական Էտըմ Շիֆը, որ իր կարգին շնորհաւորեց մասնաճիւղին տարեդարձը եւ դրուատեց անոր տարած աշխատանքները։
Ապա, բեմ բարձրացաւ Արցախի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, որ նմանապէս շնորհաւորեց մասնաճիւղին տարեդարձը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր ապագայ գործունէութեան։ Ան նաեւ «Արարատ» մասնաճիւղին յանձնեց Արցախի անկախութեան 25ամեակին առիթով պատրաստուած շքանշաններէն օրինակներ։
Տօնակատարութեան ներկայ էին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վարդան Կարապետեան եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչի ներկայացուցիչ Ռիթա Հաճիմանուկեան, որոնք նմանապէս իրենց շնորհաւորական մաղթանքները փոխանցեցին մասնաճիւղին։
Աւելի քան 480 ներկաներուն մէջ էին ներկայացուցիչներ հայկական զանազան կազմակերպութիւններու, ինչպէս՝ ՀՕՄի, ՀՅԴի («Զաւարեան» եւ «Ահարոնեան» կոմիտէներ), Իրանահայ միութեան եւ «Դաւթեան-Մարիամեան»ի։ Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան եւ Շրջանային վարչութեան ու ՀՄԸՄի այլ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ։
«Ռապըրթս Քէյթրինկ»ի հրամցուցած համեղ ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ տարեդարձի կարկանդակի հատում, որմէ ետք մասնաճիւղը պաշտօնապէս թեւակոխեց իր պատմութեան 39 տարին։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս, մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարեդարձին ընթացքին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի տիպար անդամներու մեծարումը։ Այս տարուան մեծարեալներն էին Անդրէ Փաշայի եւ Արիկ Գէորգեան։
«Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Կարէն Մողոյեան դրուատեց երկու մեծարեալներուն նուիրեալ ծառայութիւնները։ Ան յիշեցուց, որ Փաշայի 1983ին սկսած է մարզելու «Արարատ»ի պասքեթպոլի զանազան խումբեր. անոր առաջնորդութեամբ՝ այդ խումբերը կր-ցած են հարստացնել մասնաճիւղի բաժակներու հաւաքածոն։
Մողոյեան ներկայացուց նաեւ մասնաճիւղի երկարամեայ անդամ Արիկ Գէորգեանի բազմապիսի սպասարկութիւնները, որմէ ետք Գէորգեան, յոտնկայս ծափահարութիւններու տարափին տակ բեմ բարձրանալով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք այս ճամբուն մղած ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ՝ իր կնոջ եւ զաւակներուն։