Շամլեան-Թաթիկեան Վարժարանի Լոս Անճելըսի Շրջանաւարտից Միութեան Տարեկան Ճաշկերոյթը

Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի Լոս Անճելըսի շրջանաւարտից միութեան տարեկան հինգերորդ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 5ին, Կլենտէյլի «Ֆինիշիա» ճաշարանին մէջ։

Վարժարանի շրջանաւարտներուն, նախկին ուսուցիչներուն, համակիրներուն եւ հիւրերուն շարքին էին՝ Հայ աւետարանական միութեան վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տա-րաքճեան, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախկին հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, պատուելի Յովհաննէս Մելքոնեան, դատաւոր Զարեհ Սինանեան, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի իրաւաբան Նորա Յովսէփեան եւ վարժարանիս նախկին տնօրէն Արամ Պուլղուրճեան։

Ձեռնարկին բացումը կատարեց շրջանաւարտից միութեան փոխատենապետուհի Լիզա Ճիկէրեան-Մանոյեան, որ բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց ներկաներուն, ապա հրաւիրեց օրուան հանդիսավարը՝ Տենի Կէօզիպոյիքեանը, որ հեզասահօրէն վարեց սոյն ձեռնարկը։

Վերապատուելի Պերճ Ճամպազեան կատարեց ձեռնարկի բացման աղօթքը։

Շրջանաւարտից միութեան ատենապետ Զաւէն Հանէսեան, խօսք առնելով՝ ողջունեց ներկաները եւ գնահատեց բոլորին ներդրումն ու օժանդակութիւնը վարժարանին, դրուատեց միութեան բոլոր անդամներուն անշահախնդիր աշխատանքը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ միութիւնը վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին բաւական յատկանշական նիւթական օժանդակութիւն առաքած է վարժարանին։

Իր կարգին, խօսք առաւ յատկապէս սոյն ձեռնարկին համար Լիբանանէն ժամանած վարժարանի տնօրէնուհին՝ Վարդուհի Պալըքճեան եւ ներկաներուն փոխանցեց վարժարանին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու արձանագրած յաջողութիւնները՝ դարձեալ հաւաստիացնելով ներկաները, թէ մեր օժանդակութեան իւրաքանչիր լուման հրաշքներ կրնայ գործել տնտեսապէս տկարացած լիբանանահայ գաղութի մեր քոյր-եղբայներուն համար։

Խօսք առաւ նաեւ վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեան, որ շեշտեց հայ աւետարանական վարժարաններուն ջամբած որակաւոր եւ հոգեմտաւոր դաստիարակութեան ու առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Նախկին շրջանաւարտներէն՝ իրաւաբան Կարօ Ղազարեան (1978ի շրջանաւարտ) եւ տոքթ. Աբրահամ Փանոսեան (1988ի շրջանաւարտ), մեծարուեցան սոյն ձեռնարկին ընթացքին։ Անոնք իրենց իրագործումներով եւ յաջողութիւններով փառք ու պատիւ կը բերեն մեր ազգին ու մեր վարժարանին, ուր թրծուած են իրենց հոգիներն ու պայծառացած են իրենց միտքերը։

Երկու մեծարուող շրջանաւարտները խօսք առնելով՝ ներկաներուն փոխանցեցին իրենց երախտագիտական խօսքերը եւ շեշտեցին Հայ աւետարանական վարժարանի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։ Իրաւաբան Կարօ Ղազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ինք պարտական է իր սիրելի վարժարանին, որուն յարկին տակ իր ստացած դաստիարակութեան ու կրթութեան կը պարտի իր յաջողութիւնները։

Տոքթ. Աբրահամ Փանոսեան եւս դրուատեց վարժարանէն ներս իր ստացած բարձրորակ կրթութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կրցած է դիմագրաւել Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ուսումնական բոլոր մարտահրաւէրները։

Ձեռնարկին իրենց գեղարուեստական մասնակցութիւնը բերին Նեքթարին Ղիլեան եւ Ալպարեան քոյրերը։ Առաջինը իր գեղեցիկ ձայնով դիւթեց ներկաները եւ իր նուագած քանոնի մեղեդիներով տրամադրեց հաճելի պահեր, իսկ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեանները իրենց հեզաճկուն հայկական զուգապարերով ճոխացուցին մթնոլորտը։

Շրջանաւարտից միութիւնս իր երախտապարտութիւնը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերին՝ սոյն ձեռնարկին յաջողութեան սատարելով։

Յիշենք մեր սիրելի տնօրէնուհի Վարդուհի Պալըքճեանի խօսքերէն հետեւեալ մէջբերումը. «Դարձեալ հրաշքի մը ականատես եղանք այսօր. հազարաւոր մղոններ հեռու եղող հայազգի զաւակները իրենց սիրտերն ու քսակները բացած՝ օժանդակութեան կը փութան մէկ շատ կարեւոր կրթական հաստատութեան մը՝ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանին, անոր գոյատեւման սատարելով»։

Վարձքը կատար բոլորին։

(Թղթակցութիւնը՝ Շրջանաւարտից Միութենէն)

0000apraham-panossian-garo-ghazarian-esq

Scroll Up