Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ
Կրկին անգամ, այդ երեկոյ, մեզ բոլորս մէկ երդիքի տակ մէկտեղողը՝ Հալէպի մեր Ճեմարանի երախտապարտ շրջանաւարտներով կազմուած միութիւնն էր: Ճեմարան… Խօսքս Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանին մասին է: Այն, որ մեզի համար կեանք էր եւ պատմութիւն: Հոն էր, որ մեզի հայերէն, հայոց գիր, գրականութիւն, պատմութիւն եւ տակաւին առողջ հայրենասիրութիւն ընծայուեցաւ: Առաւել՝ մարդակերտում, ազգային գիտակցութիւն, հայակերտում, կառչած մնալ հայրենիքին… Ու մենք իբրեւ սաներ, ընթացաւարտ կամ ոչ, այս բոլորը իրերայաջորդ տարիներով ընկալեցինք ամէնէն լրջութեամբ, իր թիթեղեայ կամ քարէ երդիքներուն տակ, միաժամանակ՝ փայփայելով մեր գունաւոր եւ անգոյն երազները:
Ահա՛ թէ ինչպէս մենք տիրացանք հայու վերապրումի գաղտնիքին:
Ճեմարա՛նն էր, որ գրական ճաշակ, գրականութիւն կամ այլ մասնագիտութիւն մշակել փորձող իր սաներուն հետ հայ միտքն ու երազը կիսեց, անոնց բաժնեց հայ գիրին ու գիտութեան բոյրերը: Իսկ տարիներ ետք, նոյն այդ շրջանաւարտ սերունդները ազգային ղեկավարութիւնը ստանձնեցին Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս:
Միտքս աւելի պարզեմ։ Այդ երեկոյ եկած էինք մասնակից դառնալու տարեկան ձեռնարկի մը, որ խորքին մէջ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ՝ աշակերտական կամ ուսանողական գեղեցիկ ու հաճելի համախմբում մը, բոլոր անոնց համար, որոնք Զարեհակերտ Ճեմարանը յաճախած են ու հիմա զայն կը յիշեն երախտապարտօրէն: Պէտք է նաեւ շեշտեմ, որ ամէն տարի, առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն, այս ձեռնարկը կը նուիրուի Ճեմարանի տնօրէններէն մէկուն, եւ աւելին, կը համախմբէ քալիֆորնիաբնակ կամ ոչ՝ 25-50 տարիներ առաջուան վարժարանի շրջանաւարտները:
Այսպէս, երախտապարտ նախկին ճեմարանականներս, այդ երեկոյ, ընդառաջելով մեր վարժարանի սիրոյն համախմբուելու ազնիւ կոչին՝ գեղեցիկ սրահի մը մէջ հաւաքուած էինք, կրկին անգամ Ճեմարանը շնորհապարտ վերյիշելու իբրեւ սուրբ ուխտ:
Դժբախտաբար, ճակատագիրի բերումով, գրեթէ բոլորս ալ հեռու ենք անկէ… Անոր համար էր, որ ամէն բան յիշատակի գեղեցկութեամբ մեր մէջ կ՛արթննար, իբրեւ բաց գիրք, անխարդախ եւ հարազատ:
Անկեղծօրէն եւ անզգալաբար, բոլորս ալ ուժգնօրէն թափանցեցինք մեր յիշատակներուն մէջ, միաժամանակ մեր ակնարկները՝ Ճեմարանի կողքին, կեդրոնացնելով նաեւ մեր ծննդավայր Հալէպի վրայ: Զգալի էր, որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած էր անկոչ հոգեկան փոթորիկ մը, իսկ մեր միտքերուն մէջ՝ անօրինակ տաղտուկ:
Իւրաքանչիւր սեղան կամ սեղանակից ունէր մեր քաղաքին եւ դպրոցին մասին խօսք մը, յուշ մը, ցաւ մը եւ յատկապէս անէծք մը՝ սատանային, որ այդ պատմական քաղաքն ու մեր Ճեմարանը վերածած էր արիւնաքամ ռազմադաշտի մը:
Տարիներու հեռաւորութենէն, կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով յիշեցինք ամէն բան: Ներքին ձայներ սկսան հին եւ նոր բաներ յուշելու մեզի: Թէեւ լաւատեղեակ էինք, որ ամէն մարդ իր ճակատագիրը կը ժառանգէ, սակայն այս օրերուն, հո՛ն, մարդը դարձած է մարդուն ճակատագիրը: Հո՛ն, այդ պատմական քաղաքին մէջ, ատելութիւն կայ: Բացայա՛յտ է: Քաղաքական պատճառներու իբրեւ հարազատ հետեւանք, հոն մեր հայ գաղութը դատապարտուած է ամէնօրեայ Աւարայր մը մղելու:
Մեր բառերուն մէջ եւ հետ կը փնտռէինք այն դէմքերն ու գոյները, որոնք մեր կեանքը առաջնորդած էին: Բոլո՛րս ալ, անխտիր, մտովի «կը քալէինք» մեր ապրած թաղերէն, փողոցներէն, դասարաններէն, որոնք, կար ժամանակ, երբ նուռի հատիկնրու նման կը վխտային աշակերտներով, մարդոցմով: Մէկ խօսքով՝ կեանքի ժխորով:
«Կը քալէինք»՝ փնտռելով նոյնիսկ մեր թաղերուն կատուները, ծառերը, կիսամութ տուները, պարտէզները, սրճարանները, մեր ուսուցիչներն ու դասարանները, քննութեան պահերը, կատակները, մեր չարութիւնները, աւելին՝ փողոցի մարդոց կանչերն ու սիրային փսփսուքները, տուներու տանիքներէն ու պատշգամներէն լսուող հայերէն կամ արաբերէն քաղցր երգերը, եկեղեցիներու խաչերն ու անոնց զանգերու ղօղանջը, մզկիթներէն արձագանգող աղօթքները, գիշերային գիրուկ պահակները ու…:
Ուրախութեամբ կը վերյիշէինք, գրեթէ խոնաւ աչքերով:
Հոն, տակաւին մօտիկ անցեալին, միշտ արցունքէն աւելի ժպիտ կար, եւ վիշտէն աւելի՝ ուրախութիւն: Այդ բոլորը հոգի կը դնէին մեր ժամերուն մէջ, շունչ կու տային մեր առօրեային եւ աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ մը մեր կեանքը կ՛արժեւորէին: Հոն, ինչպէս սովոր է ըսել՝ Սփիւռքի այդ մայր գաղութին եւ անոր Ճեմարանին մէջ, անցեալ մը կար յաւերժական եւ պատմական, հայահունչ, կենսունակ, նոյնքան ալ օրինակելի ու առասպելական:
Նման մթնոլորտ ու կեանք ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել: Սակայն օր մըն ալ, յանկարծ, խաղաղութիւնը սուտ դարձաւ հոն ու ամէն երազ «չորցաւ»:
Իմ կարգին, «կը քալեմ» նաեւ ես: Չէ՞ որ ես ալ վերջապէս այդ քաղաքի հարազատ ծնունդն եմ… զաւակը կամ հազարաւոր զաւակներէն մէկը: «Կը քալեմ» քաղաքիս փողոցներէն, «կը դիտեմ» Ճեմարանս, ուսուցիչներս, ընկերներս ու հարազատներս, ապա՝ մեր թաղը, մեր տունը: «Կը մտնեմ» մեր բակը ու «կը տեսնեմ» ատելութեան ծուխը, որ կը կուրցնէ աչքերս: Ինքնաբերաբար կը փակեմ աչքերս: Ու ի՜նչ հրաշք, կը տեսնեմ, որ Աստուած Ինք եւս իր աչքերը փակած է այդ ծուխէն եւ այդ անմարդկային ամօթէն:
Ապա, ինչպէս միշտ, սթափելով, կարօտը սիրտիս՝ կը վերադառնամ էութեանս, հաւատալով, որ խոր ցնցումը ներսս է, ենթագիտակցութեանս մէջ: Բա՛րդ զգացում…
Իսկ հիմա, հոս, այս սրահին մէջ, Ճեմարանի սիրոյն, յիշատակուած տնօրէնով եւ կէս դար առաջուան հոյլ մը շրջանաւարտներով շրջապատուած՝ բոլորս ալ մտովի կ՛ըսենք.
– Հալէպ եւ Ճեմարան, դուք գեղեցի՛կ էիք եւ այդպէս ալ կը մնաք մեզի համար, ժուժկալ ու զուսպ, հարազատ ու հայ, հիւրընկալ ու արդար: Դուք միտքի ու հոգիի հայրենիքներ էիք. միշտ մեզի պահեցիք Արարատի յուշերով եւ Սեւանի կապոյտ գոյնով: Կեանքի, հա՛յ կեանքի ապահով պարիսպ ալ էիք: Ձեր քով առա՛նց սակարկութեան նուիրուածութիւն կար: Կար նաեւ դարաւոր սէր եւ աւանդութիւն, եւ ինչո՛ւ չէ՝ ազգային գիտակցութիւն ու հաւատարմութիւն: Իսկ մենք այդ զգացումը մեր հոգւոյն խորը պահած էինք ամրօրէն ու տակաւին կը պահենք: Ինչպէ՞ս կրնանք մոռնալ ձեզ…
Ապա, գրեթէ յուզուած՝ ես ալ մտովի կ՛աւելցնեմ.
– Դո՛ւն, սիրելի Ճեմարանս, դուն, որ շուտով 70 տարեկան պիտի դառնաս, այդ երեկոյ քու սիրոյդ եւ քեզի համար ուրախանալու ու քեզմով ջերմանալու հաւաքուած էինք: Հաւատա՛, քեզ յիշեցինք առատօրէն ու քաղցր: Լաւատեղեակ էինք, որ այդ անիծեալ եւ ուրիշներու պատերազմը սպառնացած էր նաեւ քեզի ու մեր գաղութի տարիներու պատմութեան էջերուն:
Գիտեմ, որ հոն տակաւին մարդիկ կան, հա՛յ մարդիկ, որոնք կը պայքարին կեանքի այս ապերախտ պայմաններուն դէմ ու իրենց կեանքով կը փորձեն կենդանի պահել նաեւ քե՛զ:
Հպարտօրէն կ՛ըսեմ, որ հո՛ս ալ՝ մենք, մեր նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ քեզ «կը պահենք» մեր սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, իբրեւ մեր հարազատ ու ազգային մեծ գանձը:
Ուստի, սիրելի՛ Ճեմարան, նախ՝ ջերմ բարեւ քեզի, առաքելութեանդ հաւատացողներուն ու քեզ կանգուն պահողներուն, ապա՝ շնորհակալութեան տաքուկ խօսք՝ Քալիֆորնիոյ մեր Ճեմարանականներու ընկերակցութեան։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ասպարէզ